Թեմ
Հրապարակված է: 11/13/2020
Այսու կը տեղեկացնենք մերազն բարեպաշտ հայորդիներուն, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ մեկնարկը կը տրուի Արցախէն տեղահանուածներու օժանդակութեան բարեգործական ծրագիրը՝ սերտ համագործակցութեամբ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի Սոցիալական Ծառայութեան։
Բոլորս ալ տեղեակ ենք հայրենիքէն ներս ստեղծուած յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մասին։ Առկայ տնտեսական ճգնաժամի, տակաւին չյաղթահարուած համաճարակի, ձմրան ցուրտին ընդառաջ 90 հազարէն աւելի տեղահանուածներու հիմնահարցերը լուրջ եւ երկարաժամկէտ լուծումները կը պահանջեն։ Այս ճգնաժամը յաղթահարելու միակ ուղին բոլորիս շարունակական աջակցութիւնն է. մենք պարտաւոր ենք ըլլալ մեր կարիքաւոր քոյրերու, եղբայրներու, երեխաներու եւ տարեցներու կողքին: Տեղահանուած ընտանիքները մեր աջակցութեան կարիքն ունին ամէն իմաստով։
Գիտակցելով պահի լրջութիւնը՝ Առաջնորդարանէն ներս ստեղծուած է յատուկ յաձնախումբ մը, որու առաքելութիւնը պիտի ըլլայ տարբեր շրջաններու մէջ նախաձեռնել դրամահաւաքներ, բարեգործական միջոցառումներ եւ գոյացած միջոցները համակարգուած կերպով ուղղորդել տեղահանուած անապահով եւ անօթեւան ընտանիքներուն՝ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի Սոցիալական Ծառայութեան միջոցով։
Ծրագրի մասին առաւել մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք յառաջիկայ օրերուն։ Մեր փափաքն է, որ այս ծրագիրը դառնայ համընդգրկուն առաքելութիւն եւ իր մէջ ներառէ բոլոր շահագրգիռ անհատներն ու խումբերը։
Կոչ կ’ուղղենք մասնակցելու եւ նիւթապէս աջակցելու այս ծրագրին՝ ի սէր եւ ի զօրակցութիւն Արցախէն տեղահանուած մեր քոյրերու եւ եղբայրներու։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
11 Նոյեմբեր, 2020
Պըրպէնք, Գալիֆորնիա