Թեմ
Հրապարակված է: 10/06/2020
Ազնիւ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարերար մեծարգոյ Տիար Վարդան Նազիրեանի եւ անմիջական հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, Միջին Արեւելքի հանրայայտ լրատուական ծառայութիւններ ներկայացնող 15 միջազգային լրագրող կը մեկնի Հայաստան՝ լուսաբանելու պատերազմական գործողութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։
Մասնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիար Վարդան Նազիրեանին մտայղացման եւ նախաձեռնութեան համար։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ