Նվիրաբերել

«Կեցցէ Հայաստանը» Վազգէն Ա.

Թեմ

Հրապարակված է: 08/19/2020


«ԿԵՑՑԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»  ՎԱԶԳԷՆ Ա.

Օգոստոս 18, 1994 թուականի վաղ առաւօտեան ես իմ հոգևոր կեանքի մէջ ապրեցայ բառերով դժուար նկարագրելի ու պատկերելի զգացումը։ Վեհափառի Երևանի առանձնատան մէջ, շրջապատուած մի քանի հոգևորականներով, իմ ձեռքերու մէջ առած Հայոց Հայրապետի մաքուր ձեռքերը, հայեացքս ուղիղ իր աչքերուն մէջ աղօթքս կը կատարէի, երբ հոգեվարքի մէջ էր այն բացառիկ անձնաւորութիւնը, որ իմ կեանքը լուսաւորեց իր սրբութեամբ, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ ու նոր արշալոյսներու տեսիլքներով։ Բաժանումի պահն էր, և երբևէ իմ կեանքի մէջ չէի ունեցած այնքա՜ն լքուած պահ մը ու խոր առանձնութեան մէջ, ինչքան այդ վայրկեաններուն։ Մեր ս. եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ մշտական պատգամ կը դառնար այդ պահուն Վեհափառը, որուն անձին նկատմամբ իմ խոնարհումը մինչև այսօր ուժգնապէս կ’ապրի էութիւնս։

... Լուսաբացն էր արդէն, և շտապեցի Մայրավանք ու Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարէն ներս մուտք գործելով՝ իրազեկ պահեցի լուսարարապետ Յուսիկ Սրբազանը, որ երբեմնի կաղնին տապալած էր։ Եւ օրեր շարունակ բոլորս ականատես դարձանք ժողովուրդի անվերջանալի հոսքին, ովքեր բոլոր վայրերէն շարան-շարան կուգային յարգանքի իրենց տուրքը ընծայելու քառասուն տարիներու իրենց հայրապետին, որուն էութեանը մինչև խորքերը արմատացած էր խորհուրդը Ս. Էջմիածնի, լուսաւորչահաստատ քրիստոսաբոյր հաւատքով օծուն Մայր Տաճարին, որուն կամարներու ներքոյ մինչև այսօր կ’արձագանգէ իր հոգիէն բխած աւետարանաշունչ ու հայրենկարօտ Վեհփառի պատգամը.

«Սէր երբէք ոչ անկանի»։

Եւ այս պատգամը դարձաւ նշանաբանը Հայոց Հայրապետին։ Իր անձին մէջէն ճառագայթող մագնիսականութիւնը բոլորս կը հրաւիրէր դէպի Ս. Էջմիածին։ Ինչքա՜ն դժուար է բառերու մէջ սեղմել բոլորիս սէրը Վեհափառին անձին նկատմամբ։ Յուշերս այնքա՜ն շատ են, որ ամբողվ կեանք մը բաւական չէ ընթերցողին հաղորդ դարձնելու այն ժառանգին, որուն կրողն է նաև նուաստս։

Վեհափառ Հայրապետ, ժողովուրդները կ’ապրին յաւէրժ, երբ նոյն ժողովուրդին կեանքին մէջ ծնունդ կ’առնեն հերոսներ, ովքեր իրենց զաւակաց կեանքի մէջ կը խմորեն գլխագիր Մարդը, ով աստուածատուր կեանքը պարտ է ապրիլ Աստուծոյ հետ ու ստեղծագործ ճանապարհորդութեամբ։ Սա պահուն ինչքա՜ն պիտի ուզէի ֆիզիքապէս ծունկի գալ շիրիմիդ առջև և խոնարհումով մը լսել յոգնաբեկ ոսկորներուդ ընդմէջէն հոգիները շարժող միւռոնաբեր ձայնդ։ Հոգիս, սակայն, խոնարհ աղօթքով շիրիմիդ առաջ է ու կը տեսնեմ լուսազարդ պատկերդ և փառք կը վերառաքեմ առ Աստուած, որ իմ քայլերը առաջնորդեց Ս. Էջմիածին, որպէսզի սրբազան այդ հողին վրայ դուն ըլլայիր սպիտակներու մէջ բարձրացած ոգեղէն այն ներկայութիւնը, որուն աչքերուն մէջ ես տեսայ արտացոլումը սրբազան լեռ Արարատին, ու քու հայեացքին մէջ կարդացի մեր նախնեաց հաւատքին ու պատմութեան դասերը, ու մանաւանդ Սարդարապատի շունչով յաւէրժի ճամբորդ Վեհափառի պատգամը.

«Կեցցէ Հայաստանը:»

 

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

18 Օգոստոսի, 2020

Պըրպենք


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները