Թեմ
Հրապարակված է: 05/29/2020
«Եկեղեցին անարատ Մայր է և անկէ կը ծնինք լոյսի և ճշմարտութեան զաւակներ, և ան մեզի համար կեանքի լոյս է և անով կը գտնենք հոգիի փրկութիւնը, և ան մեզի համար արդարութեան ճամբայ է և անով կ’ելլենք մեր Երկնաւոր Հօր Քրիստոսի մօտ»։
Դռնբացէքի արարողութիւն
Դռնբացէքի արարողակարգէն քաղուած այս հաստատումը արդարև կը խօսի եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։ Ս. Մկրտութեամբ հոգևորապէս կը վերածնինք, որպէս որդեգիր Աստուծոյ, որպէս «լոյսի և ճշմարտութեան զաւակներ»։
«Լոյսի և ճշմարտութեան զաւակներ» կը դառնանք, երբ կը հետևինք Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանին։ Եկեղեցին աղբիւրն է լոյսի, քանզի եկեղեցւոյ մէջ դէմ յանդիման ենք Աստուծոյ, ու Անոր ներկայութիւնը մեզի կը ներշնչէ հոգւոյ փրկութիւնը ու մեր առջև կը բանայ ճանապարհը արդարութեան, որը և մեզ կ’առաջնորդէ երկնաւոր Հօր՝ Քրիստոսի մօտ։
Եկեղեցին կամուրջն է Աստուծոյ և մարդուն միջև, եկեղեցւոյ մէջ ըլլալ կը նշանակէ բարձրանալ առ Աստուած։ Եւ մարդուն և այս պարագային քրիստոնեայի կեանքին նշանաբանը պիտի ըլլայ ընտրել դէպի Աստուած տանող ճանապարհը։
Քորոնավիրուսի համաճարակի մեկուսացման օրերը անտարակոյս իւրաքանչիւրիս կեանքը այլակերպեց ու լուսաւորեց առաւել Աստուածգիտութեամբ՝ ունենալու ինքնաճանաչման գիտակցութեան մնայուն անդրադարձումը մեր ապրած կեանքի ընթացքին, որպէսզի մեր մէջ չնուազի Աստուծոյ սէրը, և հոգւոյ շնորհներով ապրելու կամքն ու ոգին։
Քորոնավիրուսի համաճարակը աշխարհի կեանքը շատ կտրուկ կերպով նոր ընթացքի մը մէջ դրաւ։ Երանի թէ մարդիկ միշտ մօտիկ մնան Աստուծոյ, հոգևորը վեր դասեն նիւթական արժէքներէն, որոնք կը պղտորեն մեր միտքն ու հոգին՝ հեռու պահելով մեզ հոգևոր կոչումէն, որուն գիտակցութեամբ կ’ապրինք իմաստաւորեալ կեանք մը։ Քորոնավիրուսի մեկուսացման այս օրերուն մարդկային կարողութեանցս ներածին չափով ջանք չխնայեցի՝ ունենալու աղօթքի ու ներհայեցողութեան մասնաւոր առիթներ, որոնք իմ մէջ կրկնապատկեցին տոկալու ու համբերելու չափերը։ Անկենղծօրէն եղան ժամանակներ, երբ մարդկային տկար էութիւնս յաղթեց, և ունեցայ ցրւումի պահեր, բայց փառք Աստուծոյ, շատ արագ հեռու վանեցի ինձմէ այդպիսի պահեր։ Եւ անկասկած բոլորս ալ մեր հոգու ծալքերու մէջ ունինք զօրութիւն, զորս իր ժամին կը բխի ու կը զօրացնէ մեզ։
Փորձութեան այս օրեր շուտով կ’անցնին, և երբ դէպի բնական կեանք կը վերադառնանք, հետևինք Դռնբացէքի արարողութենէն քաղուած պատգամին, որպէսզի մեր մէջ նորոգենք կոչումը քրիստոնէական, ուխտը՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան, և մեր հոգու հայեացքն ուղղենք առ Աստուած։ Այս իմաստով անցնող օրերն ու ամիսները ինձ համար և վստահօրէն շատերու համար ևս եղան լուսաւորութեան օրեր։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
24 Մայիսի, 2020