Թեմ
Հրապարակված է: 04/22/2020
24 Ապրիլ 1915 թուականը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Գողգոթան կը ներկայացնէ. այլ խօսքով՝ Խաչի ճանապարհը, երբ Օսմանեան կառավարութեան կանխամտածուած ծրագրով մէկուկէս միլիոն հայորդիք ենթակուեցան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, ու Տէր Զօրի անապատը դարձաւ տեղահանութեան ճանապարհին յոգնաբէկ հայորդեաց անշիրիմ գերեզմանը։
Մեր պատմութեան այս էջը՝ 24 Ապրիլ 1915 թուականը պիտի յաւէրժ մնայ մեր ինքնութեանը հետ շաղախուած անջնջելի ճշմարտութիւնը հայոց Ցեղասպանութեան, բայց նոյնքան նաև մեր ազգի Յարութիւնը խորհրդանշող ծննդեան նոր թուականը։ Մեր սուրբ նահատակաց ոգին 105 տարիներէ ի վեր կը սաւառնի հայոց երկնակամարին և կը խօսի իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ։
Պատմութեան բառարանին մէջ հայութիւն կը նշանակէ լինելութիւն։ Մեր կեանքի ողջ ճանապարհորդութիւնը պիտի ըլլայ յանուն արդարութեան երթ, որու ամբողջ ընթացքին պահանջատիրութիւնը պիտի դարձնենք մեր արեան անմարելի կանչը։ Կեանքն այնպէս պիտի ապրինք, որ իւրաքանչիւր հայու կեանքը դառնայ կենդանի պատգամը մէկուկէս միլիոն մեր սուրբ նահատակաց։
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ոգեկոչումը բոլորս կը հրաւիրէ խոնարհելու մեր սուրբ նահատակաց յիշատակի առջև։ Մեր պատգամն է, որ համաճարակի այս օրերուն, ծնողներ Ձեր ծունկերու առջև պահած Ձեր զաւակներն ու թոռները, պատմէք անոնց մեր ինքնութեան խորհուրդի մասին։ Լսել տաք անոնց, որ Ձեր սրտի զարկին մէջ ծրարած էք սրտին զարկը իւրաքանչիւր հայ նահատակին։ Անոնք իմացեալ մահը կամաւորաբար յանձն առին և անմահութիւնը կերտեցին։
Ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ մենք պիտի ապրինք որպէս հարազատ հայեր՝ մեր էութեանը մինչև խորքին պահելով սէրն Աստուծոյ, տեսիլքն հայրենական, հաւատքը Ս. Էջմիածնի, զգացողութիւնը մեր սրբազան աւանդութեանց և անշիջանելի պատգամը՝ պահանջատիրութեան։
Նոր աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, բայց մեր նախնեաց տեսիլքերն ու երազները մեր արեան կանչը պիտի մնան։ Նոր աշխարհը՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներով արթուն պիտի պահէ մեզ և գալիք սերունդները՝ մնալու միշտ հաւատարիմ մեր պատմութենէ մեզի որպէս ժառանգ վստահուած սրբութեանց։ Պարոյր Սևակ մարգարտաշունչ իր բանաստեղծութեամբ մեր հաւատքն ու կամքը դարձուց աննկուն և անտեղիտալի.
Կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք...
24 Ապրիլը հայութեան համար հրաւէրն է կեանքի, տօնախմբութիւնն է նոր կեանքին և խոնարհումի օրը՝ մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին ընդառաջ։ Հայաստան և Սփիւռք ապրող մեր ազգի զաւակունք Աստուածաշունչի հետ մէկտեղ իրենց տան մէջ պիտի ունենան հայոց պատմութեան գիրքը, որուն էջերուն մէջ է արձանագրուած հայ Գողգոթան և արշալոյսը վերածնեալ կեանքի։ Մարդու համար Աստուածային կեանքը առաքելութիւն է և յաւէրժութիւն խորհրդանշող ոգեղէն ներկայութիւն։
Մնանք հաւատարիմ մեր ինքնութեան, Սրբութեամբ խնկարկենք յիշատակը մեր սուրբ նահատակաց, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը դառնայ նոր կեանք, նոր հայրենիք, նոր եկեղեցի, նոր ժողովուրդ վաղուան սերունդներու կեանքին մէջ։
Մեր խօսքը կ’աւարտենք Գարեգին Տրապիզոնցի Պատրիարքի ազդեցիկ պատգամով, որն իրապէս կը ներշնչէ ու կ’ամրացնէ մեզ՝ մնալու հպարտ մեր հայեցի ինքնութեամբ.
«...Ճակատագրուած ենք ապրելու, եթէ հաւատանք։ Հաւատքը կը յարուցանէ քառօրեայ մեռեալն անգամ։ Փա՜ռք Աստուծոյ, մեր նոր սերունդը մեռեալ մը չէ։ Ան լի է կեանքով, լի է կամքով ու հաւատքով։ Եւ իր այս կեանքին, կամքին ու հաւատքին մէջ ծածկուած կան տարերքը իր նախահայրերու կեանքին, կամքին ու հաւատքին։ Նպատակը ձեր բոլոր ջանքերուն ու զոհողութիւններուն պիտի ըլլայ նոր սերունդին մէջ հիմնաւորել ինչ որ բնիկն է։ Եւ այդ՝ թոյլ տալով, որ նոր արժէքները գան յղկել, զօրացնել և նոր կերպարանափոխութեամբ մը ապրեցնել զայն ու տեւականացնել»։
24 Ապրիլը, այսօր, խորհրդանշն է մեր ազգի վերածննդեան։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի