Թեմ
Հրապարակված է: 04/17/2020
Ապրիլ 15, 2020
Մեծայարգ Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Նորընտիր Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Վսեմաշուք Պրն. Յարութիւնեան,
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ Արցախի մեր ազատատենչ ժողովուրդի աղօթքով ընտրուած էք Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան։ Մեր աղօթքն է առ Աստուած, որ Ձեր ուսերուն դրուած այս ծանր պատասխանատուութիւնը մշտապէս յաջողութեամբ պսակէք ի փառս մեր ժողովուրդին։
Արցախը, արդարև, խորհրդանիշն է այսօր մեր ժողովուրդի վերազարթօնքին։ Ինչքան հզօր է Արցախը, այնքան արթուն է մեր ժողովուրդը և պահապան՝ իր սրբազան աւանդութեանց։
Թող Ամենակարողն Աստուած միշտ զօրավիգ ըլլայ Ձեզ, որպէսզի Ձեր բոլոր տեսիլքները և յոյսերը ի կատար ածէք առաւել հզօր Արցախի պայծառ հեռանկարով։
Մնամք խորին յարգանօք
Աղօթարար՝
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի