Նվիրաբերել

Թեմիս Հոգևոր Հովիւներուն, Ծխական Խորհուրդներուն, Ծխական Մարմիններուն Եւ Հաւատաւոր Ժողովուրդին

Թեմ

Հրապարակված է: 04/08/2020


Թեմիս Հոգևոր Հովիւներուն, Ծխական խորհուրդներուն,  Ծխական մարմիններուն և  Հաւատաւոր ժողովուրդին

Սիրելիներ ի Քրիստոս։

Ձեզ կը գրենք՝ հիմք ունենալով Յովհաննու Ա. Թուղթէն քաղուած պատգամը. «Զաստուած ուրուք երբեք չեմք տեսեալ, եթէ սիրեսցուք զմիմեանս, Աստուած ի մեզ բնակէ, և սէր նորա ի մեզ կատարեալ է»:

Այս օրերուն, համայն աշխարհի մարդկութեան կեանքին կողմնորոշիչը պիտի ըլլայ սէրը Աստուծոյ հանդէպ։ Եւ ինչքա՜ն յարաճուն է Աստուծոյ սէրը միմեանց նկատմամբ, այնքան աւելի զօրեղ է մարդը՝ դիմագրաւելու համար իր առջև ծառացած դժուարութիւնները։

Զատկական Տօնի նախօրէին բոլորիս սրտերը տխուր են, բայց անկասկած հաւատքի մէջ տկարացած չենք և բոլորով պիտի տոկանք մարդկութեան կեանքին մէջ ծաւալուած coronavirus-ի ահեղ վտանգին առջև։ Տխուր ենք, որովհետև Զատկական տօներուն մեր աւանդական հանդիսութիւնները ժողովուրդին հետ տօնախմբելու ենթահող այսօր չունինք, բայց պիտի տոկանք, քանզի մեր ամբողջ կեանքը եղած է Յարութեան ճանապարհը, և մեր հաւատքին պտուղը պիտի դարձնենք քաջութիւնը՝ որպէս անթառամ ծաղիկ մեր անշիրիմ սուրբ նահատակներու յիշատակին։

Մեր աղօթքը Ձեզի հետ է։ Դուք, սիրելի հոգևոր եղբայրներ, պիտի դառնաք հոգևոր սպառազինութեան մղիչ ուժը Աստուծոյ խօսքին քարոզութեամբ, և Ձեզ հետ աղօթական ժողովուրդը պիտի դարձնէք Ձեր առաքեալները։

Ձեզ, սիրելիներ, ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք բարի Զատիկ

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ

Աղօթակից՝

 

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի

Արեւմտեան Թեմի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները