Նվիրաբերել

Յայտարարութիւն «Գորոնա» Ժահրի (Coronavirus Covid-19) Վերաբերեալ

Թեմ

Հրապարակված է: 03/12/2020


Յայտարարութիւն «Գորոնա» ժահրի (Coronavirus COVID-19) վերաբերեալ

Սիրելի՛ հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,


Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, ԱՄՆ դաշնային, նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւնները խստագոյն միջոցներ ձեռնարկած են ահագնացող «Գորոնա» ժահրի (Coronavirus COVID-19) տարածումը կանխարգիլելու համար։ Յարափոփոխ այս իրավիճակին մէջ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ պարտին հետեւիլ հանրային առողջապահութեան պատասխանատուներու ցուցումներուն։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը լրջօրէն կը հետեւի իրավիճակին եւ համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկէ օժանդակելու մեր համայնքներէն ներս ծաւալուող ժահրի (virus) կանխարգելման միջոցառումներուն։

Առ այդ, Արեւմտեան Թեմը կը յանձնարարէ․

Անմիջապէս դադրեցնել թեմիս ծուխերէն ներս գործող Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներուն դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի ընկերային, կրթական, հոգեւոր բնոյթի ձեռնարկները՝ մինչեւ Ապրիլ 13:

Պատարագները կը շարունակուին համաձայն եկեղեցիներու ժամանակացոյցերուն։ Սակայն, առողջական խնդիրներ ունեցողներուն եւ տարեցներուն կը յորդորենք ժամանակաւորապէս մնալ տունը եւ խուսափիլ մարդաշատ վայրերէ։ Եկեղեցինները պիտի ջանան հեռահաղորդակցութեան միջոցներով սփռել արարողութիւնները մեր հաւատացեալներուն համար։ Մանաւանդ անոնք, որոնք կը խորհին ունենալ «Գորոնա» ժահրի ախտանշաններ կամ շփում ունեցած են այդպիսի անձերու հետ, անպայմանօրէն պէտք է մնան տունը։

Կարեւոր է գիտնալ, որ Հայց․ Առաքելական Եկեղեցին Մեծ Պահոց այս օրերուն ընկալեալ աւանդութեան համաձայն Ս․ Հաղոդութիւն չի բաշխեր, նաեւ՝ «ողջոյն»ի պահը, աւետարան համբուրելը զանց առնուած են։

Յընթացս, ի պահանջել հարկին, շրջաբերական նամակով կը ծանուցենք մերազն հաւատացելոց դէպքերու զարգացումներու մասին եւ համապատասխան ցուցումներ կու տանք Ծաղկազարդէն, այսինքն՝ Ապրիլ 5էն առաջ։

Արեւմտեան Թեմը պիտի շարունակէ հետեւիլ իրադարձութիւններու զարգացումներուն՝ անմիջական կապ պաշտպանելով հանրային առողջապահութեան պատասխանատուներուն հետ։ Մեր հօտի անվտանգութեան եւ ապահովութեան նկատառումներէ ելլելով՝ պիտի շարունակենք ժահրի կանխարգելման միջոցառումները։ Մեր խնդրանքն է, որ դուք ալ Ձեր կարգին ձեռնարկէք կանխարգելման միջոցառումներ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելէք մեր կայք էջը www.wdacna.com.

Կ՛աղօթենք բոլոր հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ մեր ժողովրդի քաջառողջութեան համար։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Վստահելի Աղբիւրներ

https://www.cdph.ca.gov/Programs/CID/DCDC/Pages/Immunization/nCOV2019.aspx
http://www.cdc.gov/coronavirus/novel-coronavirus-2019.html
https://www.who.int/health-topics/coronavirus


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները