Նվիրաբերել

Մամուլի Դերն Ու Ազդեցութիւնը

Թեմ

Հրապարակված է: 10/28/2019


ՄԱՄՈՒԼԻ ԴԵՐՆ ՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածէի թէ ի՞նչ պէտք է հաղորդել հանրութեան եւ յատկապէս մամուլի պատասխանատուներուն, բացատրելու համար մամուլի դերն ու ազդեցութիւնը: Նոյն այս օրերուն ձեռքս անցաւ Պոլսոյ Պատրիարքարանէն լոյս ընծայուած սքանչելի հրատարակութիւն մը, որ տիտղոսագրուած է «Անդրանիկ կոնդակներ – Սահմանադրականի Շրջանի Պատրիարքներու»,աշխատասիրութեամբ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի:

Հատորին մէջ լոյս ընծայուած Անդրանիկ կոնդակները հրաշալիօրէն կ’ուղեգծեն հայ քրիստոնեայէն սպասուած կեանքի ճանապարհը ամենալայնօրէն ըմբռնուած: Այս գրութեամբ կ’ուզենք ի մասնաւորի հայ մարդուն ուշադրութեանը յանձնել 1951 թուականին հրապարակուած Գարեգին Տրապիզոնցի (Խաչատուրեան) Պատրիարքի Անդրա նիկ կոնդակին մէջ տեղ գտած այն հատուածը, որը կը բացատրէ թէ ո՞րն է մամուլին դերն ու ազդեցութիւնը: Չենք ուզեր որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել եւ բաւարարուիլ այսքանը ըսելով՝ միայն, որ հայ մամուլը ներկայացնող իւրաքանչիւր անհատի համար օգտաշատ գրութիւն է սա, որը հիմնական ուղղութիւն կը ներշնչէ բոլոր այն մարդկանց համար, որոնք պարտ են մամուլը դարձնելու սերունդներու դաստիարակելու բարի միջոցին: Հայ մամուլի ընտանիքին մէջ ունինք թերթեր, որոնք կը պատկանին ժողովուրդին, որովհետեւ մինչեւ իսկ իրենց արձանագրած բառերուն բարի պատասխանատուութեամբ:

Ստորեւ կարդալ Գարեգին Տրապիզոնցի (Խաչատուրեան) Պատրիարքի խօսքը.

«Մենք խօսք ունինք սրտագին նաեւ մեր մամուլին: Ճրագ մալ ինքն է, լուսաւորելու այն ճամբան՝ ուսկից պարտի քալել ամէն ոք: Իւղը նուազ եւ պատրոյգը անբաւական ճրագին լոյսը պիտի ըլլայ աղօտ եւ պիտի խաւարի իսկ: Հասարակ լուրերը, յաճախ գիտակցօրէն թէ անգիտակցաբար խեղաթիւրուած եւ գլխիվայր շրջուած, կը պարպեն լոյսը ճրագին եւ բերելով խաւարը´ կը թողուն որ անոր նայողներ խարխափեն անորոշութեան մէջ եւ մոլորին: Քննութիւնն ու քննադատութիւնը, որոնք մամուլին կոչումէն բխած առանձնաշնորհներ պարտին ըլլալ, կը կորսնցնեն իրենց արժէքն ու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ աղդեցութիւնն ի բարին եւ ի ճշմարիտը, երբ չեն ներշնչուած թափանցըւած բուն իրողութիւններէն, այլ առաջնորդուած են երեւակայութիւններէ, կանխակալ կարծիքներէ, սեւեռամտածումներէ եւ մերթ ալ անխոստովանելի նկատումներէ: Ասոնք ոչ միայն չեն շիներ, այլ եւ կը քան-

դեն: Կը տեսնուին գրիչներ, որոնք չեն խղճահարիր սուտն իսկ կաղապարել փորձելէ ամենօրեայ վարկաբեկումներու մէջ այս կամ այն հասցէին, հասարակական կեանքը վրդովելով եւ ընկերային չարիքներու լայն դուռ բանալով: Ահավոր է մամուլի պատասխանատուութիւնը, երբ գրիչը կը սանձարձակէ՝ մոլեգին հովի մը նման յարձակելու այս ու այն կողմ եւ բարոյական աւերներ գործելու:

Մենք ցաւով կը դիտենք այս տխուր երեւոյթը գրեթէ ամէն շրջաններու մէջ եւ մեր սիրտը կարիւնոտի: Թէեւ «խթանի դէմ աքացելու» բոլոր փորձերը ի վերջոյ կը գտնեն իրենց արդար վախճանը, բայց կը խոցեն պահ մը դիտողներուն եւ տեսնողներուն խղճմտանքը իր մաքրութեան մէջ:

Մամուլը, որ կոչուած է մատակարարելու լոյս եւ հոգեկան սնունդ, պարտի գիտակցիլ եւ անաչառ, անշահախնդիր եւ անկողմնակալ դատողութեամբ ծառայել այդ ազնուական կոչումին: Միտք, լեզու, գրիչ՝ այդ կոչումէն պարտին քաղել իրենց ներշնչումները, առաջինը՝ իր հասունութեամբ, երկրորդը´ իր մաքրութեամբ եւ երրորդը՝ իր պատկառազդու լրջութեամբ: Երգիծանքն անգամ ունի իր շնորհը, որ իր ջերմիկ շունչը՝ կառնէ բարիին կամեցողութենէն, զգուշանալով միանգամայն ծիծաղելիութիւններէ: Արդարեւ, ինչ տգեղ եւ ողորմելի է այն երգիծանքը, երբ պարպուած է ոգիէ եւ բովանդակութենէ:

Կոչ կընենք, սրտցաւօրէն մեր մամուլի ծառայողներուն, որ ունենան պահանջելի զգուշաւորութիւն՝ չարձակելու սանձը քանդիչ Չարին, որպէսզի Բարին կատարէ իր շինարար ու շնորհաբեր դերը՝ ըղձալի խաղաղութեան մէջ: Մեր ժողովուրդը այդ բանին պէտք ունի:

Նոյն ատեն կը յորդորենք մեր սիրելի ժողովուրդն ալ ըլլալ արթուն՝ ընտրելու միշտ խաղաղութեան եւ շինութեան ապահով ճամբան, որ Աւետարանի լոյսով ցոյց կը տրուի իրեն, չազդուելով խափանարար իրադարձութիւններէն, եւ կարեկից իսկ ըլլալով անոնց հեղինակներուն հանդէպ: Աւետարանի լոյսը՝ ճշմարտութեան լոյսն է. Աստուծոյ լոյսն է: Աստուած իսկ է: Առաջնորդուիլ հարկ է այդ լոյսով: «Մի ոք զձեզ խաբեսցէ բանիւք սնոտւովք, զի վասն այսորիկ իսկ գայ բարկութիւն Աստուծոյ ի վերայ որդւոցն անհաւանութեան: Մի այսուհետեւ լինիք բաժանորդք նոցա…: Իբրեւ զորդիս լուսոյ գնացէք: Զի պտուղ լուսոյ բարութեամբ եւ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ» (Եփես. 5: 6-9):Առաքեալի խօսքերն են ասոնք՝ զորս կը յիշեցնեմ մեր եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն անխտիր, բոլոր անոնց՝ որոնք իբրեւ «լոյսի որդիներ», լոյսի զէնքն են հագած (Ա. Թեսաղ. 5: 5 եւ Հռովմ. 13:12):

Մամուլի առաքելութիւնն է դառնալ լոյսն ու օրհնութիւնը հասարակական կեանքին մէջ:

4 Հոկտեմբեր, 2015


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները