Թեմ
Հրապարակված է: 09/19/2019
Հայ դատին նուիրուած քննարկումներ կատարելու նպատակով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը օգոստոս ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւմտեան նահանգներու քաղաքներուն մէջ իրականացուց հանրային հաւաքներ:
Շրջապտոյտը սկսաւ 18 օգոստոսին` Սիէթըլի Ս. Յարութիւն եկեղեցի այցելութեամբ: Հոն Հայ դատի պատուիրակութեան անդամները համայնքի անդամներուն ներկայացուցին Հայկական հարցին ի նպաստ տարուող աշխատանքները եւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն: Իր կարգին, Լիա Բաբայեան ներկայացուց իր նոր գիրքը, որ նուիրուած է 1990-ականներու սկիզբը Ազրպէյճանի մէջ հայերու սպանդներէն փրկուած գաղթականներու փորձառութիւններուն:
Ապա պատուիրակութիւնը Փորթլենտի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ հաւաքուած համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Աւելի կանուխ Հայ դատի պատուիրակութեան անդամները, ընկերակցութեամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհյն. Քէշիշեանի, այցելեցին քոնկրեսական Ըրլ Պլումընթալի գրասենեակը եւ Օրիկընի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը` քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: