Թեմ
Հրապարակված է: 09/12/2019
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 6, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս, տեղի պիտի ունենայ միօրեայ գիտաժողով մը, նուիրուած “Հայ Եկեղեցւոյ 20րդ Դարու 10 Ականաւոր Հոգեւորականներու”:
Ձեռնարկը նկատուած է իբր յարգանքի տուրք՝ անոնց Եկեղեցական, կրօնական եւ ազգային առաքելութեան եւ վաստակին:
Գիտաժողովին նպատակն է ցոյց տալ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իր նուիրեալ ներկայացուցիչներով, կը շարունակէ իր դարաւոր Առաքելութիւնը եւ մնալ առինքնող փարոս Հայ սերունդներուն համար:
Ընտրուած տասը Ականաւոր Հոգեւորականները, որոնց հովուական, եկեղեցական, ազգային եւ գիտական վաստակներու մասին պիտի անդրադառնան տասը տարբեր զեկուցաբերներ՝ հետեւեալներն են. - Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոս, Գւորգ Ե. Սուրէնեանց, Խորէն Ա. Մուրադբէկեան Կաթողիկոս, Գէորգ Զ. Չորեքչեան Կաթողիկոս, Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Յովսեփեանց, Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեան, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան եւ Թորգոմ Արք. Մանուկեան:
Գիտաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Արեւմտեան Թեմի բոլոր հոգեւորականները եւ հրաւիրեալներ:
Գիտաժողովին ներկայացուած շահեկան նիւթերը պիտի համախմբուին առանձին հատորի մէջ եւ պիտի հրատարակուին յաջորդաբար:
Երեկոյեան ժամը 7ին, գեղարուեստական ծրագիրով մը շնորհանդէս տեղի պիտի ունենայ Գէորգ Յակոբեանի “Պատմութիւն Իսթամպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու” գրքին: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հրաչ Սեփեթճեան՝ “Նոր Օր” շաբաթաթերթի խմբագիրը: Ասմունքով ելոյթ պիտի ունենայ Սիլվա Կոմիկեան (Սթամպուլէն): Ձեռնարկին հրաւիրուած է Լոս Անճելըսի Հայ հասարակութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Սեպտեմբեր 10, 2019
Պըրպենք