Թեմ
Հրապարակված է: 07/19/2019
Իրազեկ էք արդեն, որ բաւական երկար ժամանակէ մը ի վեր Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգութեան ընթացքի մը մէջ է։ Անցնող ամիսներուն Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով յանձն առինք նորոգութեան նուիրահաւաքի ընդհանուր պատասխանատուի պարտականութիւնը և արդեն իսկ լծուած ենք աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել ակնկալուած պիւտճէն համազգային մասնակցութեամբ:
Մեր նպատակն է՝ յառաջիկայ տասը ամիսներու ընթացքին աւարտել նուիրահաւաքի աշխատանքի ընթացքը և գալիք սերունդներուն գործնապէս փոխանցել Ս. Էջմիածնի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը։
Մայր Տաճարի վերանորոգութեան աւարտին ծրագրած ենք Յուշամատեան գրքի մը հրատարակութեան, ուր արձանագրուած պիտի ըլլան անխտիր բոլոր նուիրատուներու անունները, ինչպէս նաև Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ամբողջական հաշուեցոյցը։
Սիրելիներ, Սբ. Էջմիածինը` հայ քրիստոնեային հաւատքին կեանքը բնորոշող խորհուրդն է, որը դարերով լուսաւորած է մեր նախնեաց հոգեւոր կեանքը. այսօր մեր հոգիներուն, եւ գալիք սերունդներուն կեանքի ճանապարհն է Սբ. Էջմիածինը: Սբ. Էջմիածնի վեհաշուք անունը կը բացատրէ ոչ միայն պատմութիւնը մեր ազգի, Աստուածորդու այցելութիւնը Արարատեան երկիր, այլեւ` նոյն անունը կը բացատրէ այն ճշմարտութիւնը, որ Քրիստոս կը ներգործէ մեզմէ իւրաքանչիւրին էութեանը մէջ Սբ. Մկրտութեան ժամանակ, երբ կ’անդամագրուինք Եկեղեցւոյ, որը մեր հայրերու աղօթքներով անսպառ շտեմարանն է աստուածային շնորհներուն:
Սբ. Էջմիածինը մեր ինքնութիւնը բացատրող խորհուրդն է: Ով իր կեանքը կ’ապրի Սբ. Էջմիածնով այդ անձը փաստօրէն իր կեանքով կը դառնայ մանրակերտը Սբ. Էջմիածնի:
Սբ. Էջմիածնի Տօնը արժեւորելու մէկ մօտեցում կայ, այն ալ մեր հաւատքի կեանքը նորոգելու ուխտն է, քալելու Աստուծոյ գծած ճանապարհէն, մնալու հաւատարիմ մեր Սբ. Եկեղեցւոյ ու անոր աւանդներուն, եւ կեանքն հարստացնելու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով:
Միահամուռ ջանքերով մենք ամենքս նոյնպէս պիտի հաւաստենք Սուրբ էջմիածնի ամրութիւնն ու յարատևութիւնը, թիկունք կանգնենք անոր, մեր նուիրատուութիւնները միախառնենք ազնիւ հայորդեաց ձգտումին՝ է՛լ աւելի ամրացնելու և աներեր դարձնելու համար Մայր Տաճարը։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ
Աղօթարար՝
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի և
Ատենապետ Մայր Տաճարի Նորոգութեան Յանձնախումբի