Նվիրաբերել

Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարին Վերանորոգումը

Թեմ

Հրապարակված է: 06/14/2019


Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարին Վերանորոգումը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս, Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յատուկ յանձնարարութեամբ, Կիրակի Յունիս 23, 2019ին, Թեմի բոլոր Եկեղեցիներէն ներս պիտի նշուի «Կաթուղիկէ Սբ. Էջմիածնի Տօնը:

Նկատի ունենալով Սբ. Էջմիածնի Պատմական Կեդրոնին եկեղեցական եւ ազգային նշանակութիւնը եւ համազգային կարեւորութիւնը, Արեւմտեան Թեմի բոլոր Եկեղեցիներէն ներս յատուկ Հանգանակութիւն պիտի կատարուի՝ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնական վերանորոգութեան ծախսերուն համար: Նախատեսուած է շուրջ 10 (տասը) միլիոն տոլար:

Այս հանգանակութիւնը պիտի կատարուի համազգային տարողութեամբ: Մայր Տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներու աւարտին, պիտի հրատարակուի յատուկ Գրքոյկ կամ Յուշամատեան, ուր առանց բացառութեան պիտի արձանագրուին բոլոր նուիրատուներուն եւ բարերաներուն անունները, ինչպէս նաեւ վերանորոգութեան համար կատարուած ծախսերու ամբողջական հաշուեկշիռը:

Դարերու պատմական եւ քաղաքական պայմաններու մէջէն Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը ձեւ, իւրայատուկ հոգի ու կերպարանք առած, աճած, զարգացած, առաքելական հաւատաւոր աշխատանք տարած է, նաեւ նահատակուած, պարզապէս անաղարտ պահելու համար Հայ Ժողովուրդին հոգեւոր դէմքը եւ Սուրբ Աւետարանէն ստացած ժառանգութիւնը: Հայութիւնը, ինչպէս միշտ, հոգեկան իր ոյժը եւ մխիթարութիւնը կը գտնէ իր Եկեղեցիով, որ Հաւատքի, Յոյսի եւ իղձերու հոգեւոր ներշնչումի աղբիւրն է: «Ամբողջ Հայ Ազգը կապուած է (Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի) Աջին եւ Էջմիածնին («Քանզի ի վերայ Աջոյն եւ Էջմիածնի ամենայն Ազգն Հայոց կապեալ կան», Առաքել Վրդ. Դաւրիժեցի):

Ասիկա է դարաւոր եւ խորարմատ համոզումը Հայ Ժողովուրդին:  

Պատմական այս իրականութեան դիմաց, մեր Ժողովուրդը կրօնական եւ բարոյական պարտականութիւն կը զգայ մասնակցելու Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան մեծածախս աշխատանքներուն:

Այս առիթով, Կիրակի, Յունիս 23, 2019ին, ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր Թեմերէն ներս, այդպէս ալ Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, պիտի ընթերցուին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Օրուան Պատգամը», պիտի կատարուի Հայոց Հայրապետութեան համար «Հայրապետական Մաղթանք» (աղօթքը) եւ օրուան Պատգամները պիտի կեդրոնանան Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետութեան Պատմական Կեդրոնին՝ Սբ. Էջմիածնի եկեղեցական, կրօնական եւ ազգային նշանակութեան եւ կարեւորութեան վրայ:

Նոյն Կիրակին, Արեւմտեան Թեմի Սրբազան Առաջնորդը՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝ Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ:

Այս առիթով, Թեմիս Սրբազան Առաջնորդը, իր Խոհերուն մէջ կը գրէ. «Սբ. Էջմիածինը Հայ Քրիստոնեան բնորոշող խորհուրդն է, որ դարերով լուսաւորած է մեր նախնիներու հոգեւոր կեանքը եւ կը շարունակէ լուսաւորել այսօր ալ, ինչպէս գալիք սերունդները:... Սբ. Էջմիածինը Քրիստոնեայ Հայութեան Ինքնութիւնը բացատրող խորհուրդն է, որուն դիմաց հարկ է խոնարհինք՝ այդ խորհուրդին մէջ տեսնելով Աստուծոյ Որդիին՝ Քրիստոսի էջքը երկինքէն...»:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները