Նվիրաբերել

Բարերար Վարդան Նազիրեան Կը Պարգեւատրուի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսական Շքանշանով

Թեմ

Հրապարակված է: 05/22/2019


ԲԱՐԵՐԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Խաչիկ Ճանոյեան

Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ կը նշուէր Ս. Զատկուան յաջորդող երրորդ Կիրակին, որ կը կոչուի Աշխարհամատրան եւ Կանաչ Կիրակի: Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հովիւ Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, իր կողքին ունենալով սարկաւագներու մեծաթիւ խումբ մը:

Այդ օր գաղութիս ծանօթ բարերարներէն՝ Վարդան Նազիրեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Հայրապետեական “Սբ. Ներսէս Շնորհալի” շքանշանով: Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան հոգեպարար արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տերտերեանի:

Պարգեւատրութեան ներկայ էին Թեմի երկարամեայ նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Արեւմտեան թեմի Առաջնորդի նախկին փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, բազմավաստակ հոգեւորական Տէր Արշակ աւագ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեան:

Մայր Տաճարի բազմանդամ երգչախումբը, ծանօթ արուեստագիտուհի՝ Ալենուշ Եղնազարի հոյակապ ղեկաւարութեամբ՝ “Ուրախ լեր, ուրբ եկեղեցի, քանզի Քրիստոս արքայն երկնից այսօր պսակեաց ըզքեզ խաչիւն իւրով” շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով բերուեցաւ Հայրապետական Կոնդակն ու Շքանշանը, բարերար Վարդան Նազիրեանի եւ անոր զաւակներուն ընկերակցութեամբ:

Տէր Մանուկ աւագ Քհն. Մարգարեան Ս. Խորանէն կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Շինարար Հայրապետին Ս. Կոնդակը: Ապա, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդը բարերարին լամբակը զարդարեց Վեհափառ Հօր կողմէ շնորհուած շքանշանով:

Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազան շատ յուզիչ եւ գեղեցիկ խօսքով վեր առաւ եւ մեծապէս գնահատեց Վարդան Նազիրեանի եկեղեցական, հայրենական, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին մատուցած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները: Ապա ջերմ խօսքերով անոր մաղթեց երկար կեանք եւ նորանոր ծառայութիւն Աստուծոյ փառքին եւ հայրենիքի բարգաւաճման համար:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վարդան Նազիրեանի հարազատներն ու ընկերները անցան Մայր Տաճարի “Գալայճեան” սրահ, սիրոյ սեղանի մը շուրջ շնորհաւորելու համար մեծարեալը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ հանդիսաւարութեամբ Տիկին Պերթա Պախչէճեանի: Ցուցադրուեցաւ մօտ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, նուիրուած բարերարին պատուաբեր ծառայութիւններուն: Խօսք առին Վարդան Նազիրեանի մօտիկ ընկերներէն՝ Խաչիկ Ճանոյեան եւ մեծարեալին զաւակները:

Շնորհակալական յուզիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալ Վարդան Նազիրեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ “Պահպանիչ”ով վերջ գտաւ հիւրընկալութիւնը:

Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք մեծարեալին մաղթելով կենսառողջ եւ արեւշատ օրերով լեցուն երջանիկ կեանք մը, միշտ իր կուրծքին վրայ հպարտօրէն կրելով հայրապետեական այս օրնհաբեր շքանշանը:   


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները