Նվիրաբերել

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Աւագ Շաբաթ Ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ Հետ

Թեմ

Հրապարակված է: 04/10/2019


Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Աւագ Շաբաթ  Ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ հետ

Քրիստոսի Աւետարանը մարդուն կեանքը դէպի հրաշք տանող հոգևոր ուժականութեան աստուածային լոյսի աղբիւրն է։ Եւ Աւետարաններուն մէջ կ’առանձնանայ Աւագ Շաբաթը իր բոլոր դրուագներով, երբ Ծաղկազարդով մեր առջև կը կանգնի Քրիստոս Աստուածորդին Երուսաղէմ Ս. Քաղաքի մուտքին ու հրաւէր կը յղէ, որպէսզի միանանք իրեն, Մեծ վարդապետին և իր կեանքի ճշմարիտ ուղին դարձնենք մերը։

Տասնեակ տարիներ շարունակ ակնդէտ սպասած ենք Աւագ Շաբթուայ գալուստին, երբ Մեծի Պահոց կիրակիներու առաջնորդութեամբ աղօթքով ու խոնարհ սրտով փորձած ենք սրբել մեր կեանքը, որպէսզի կարողանանք քայլել Աստուծոյ հետ և ապրիլ կեանք մը, որ ներդաշնակ է Աւետարանական պատգամներուն։

Ինչպէս մանուկ մեր տարիներուն, այսօր ևս մանուկի մը պէս կը հրճուինք, երբ կը դիմաւորենք Ծաղկազարդը և կ’ապրինք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ Ս. Քաղաք և աւելին՝ Իր հետ կ’ուզենք մնալ այն ամբոխին մէջ, ուր ժողովուրդը «Ովսաննա՜»-ներով դիմաւորեց Տիրոջ յաղթական մուտքը Ս. Քաղաք։ Սա այն պահն է իւրաքանչիւր հաւատացեալին մօտ, երբ հաւատքը գերիշխող է և մեզ կը միացնէ Մեծ Վարդապետին կեանքին ու ճանապարհորդութեան։

Երբ մեր կեանքը կամրջուած է Քրիստոսի հետ, ապա Անոր հետ ենք անապատին մէջ ու աղօթակից՝ պատրաստելու համար ծառայական կեանք մը։ Երբ Տիրոջ հետ է մեր կեանքը, ապա մեր հոգևոր ծարաւը կը յագեցնենք Անոր կենարար պատգամներով՝ ականատես դառնալով հրաշքներուն ու բժշկութիւններուն, և լաւագոյնս ըմբռնելու, որ ով հաւատքով կ’ապրի իր կեանքը, ապա այդպիսին այսօր և ամէն օր ու ամէն վայրկեան կը  տեսնէ մեր շուրջը կատարուող հրաշքները, որոնք ստուերի տակ կը պահեն չարն ու օտար խորհուրդները, որոնք աղօթքի բացակայութեան կը ծնին մարդուն մէջ և կը խաթարեն անդորրը աշխարհի և կ’եղծեն գեղեցկութիւնը Աստուածաստեղծ տիեզերքին։

Ինչպէ՞ս ըմբռնել Աւագ Շաբթուան խորհուրդը մեր հաւատքի կեանքին մէջ։ Շաբթուայ մը տեւողութեանը ընթացքին տեղի ունեցած եղելութեանց շարքը այնքա՜ն երկար շղթայ մը կը ներկայացնէ, որ ամբողջ կեանքի մը հոգևոր տրաման կը բովանդակէ իր մէջ։ Ինչքա՜ն տպաւորիչ է Քրիստոսի մուտքը Տաճարէն ներս, և ինչպէ՜ս մեր առջև պարզորոշ կը պատկերուի Տաճարին մաքրագործումը։

Տաճարը մենք ենք նաև, և երբ պարպուած է մեր հոգևոր էութիւնը Աստուծոյ խօսքէն, ապա ան այլևս աղօթքի տունը ըլլալէն դադրած է։ Քրիստոս կը խարազանէ բոլոր անոնց, ովքեր տաճարը՝ աղօթքի տունը վերածած էին աղմակայարոյց շուկայի մը։ Եթէ քայլենք Աստուծոյ սիրոյ առաջնորդութեամբ, ապա կ’ապահովենք Քրիստոսի ընկերակցութիւնը մեր կեանքին մէջ և մեր մէջ կը գտնենք ուժականութիւնը ինքնամաքրման, որպէսզի այնտեղ բնակի Ինքը՝ Աստուած և մեր սրտերէն բղխէ սէրն Աստուծոյ և մեր հոգիներէն ճառագայթէ Աւետարանի պատգամները մեծ վարդապետին։

Աւագ Շաբթուան խորհուրդին էութեան խորքը թափանցենք, որպէսզի նմանուինք իմաստուն կոյսերուն, ովքեր իրենց հոգու մէջ կը պահէին հաւատքին ձեթը, որպէսզի լուսաւոր կեանքով դիմաւորէին փեսան՝ Քրիստոս։ Աւագ Շաբթուան խորհուրդով առաջնորդուած՝ մեր հոգևոր կեանքը պահ մը կանգ կ’առնէ Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդի առջև, երբ վերջին ընթրեաց արարողութեամբ Վարդապետը իր աշակերտներուն առջև կը պարզէ Իր առաքելութեան գերագոյն պահը՝ Իր առջև բացուող թէև զոհագործութեան ճանապարհը, բայց լոյսին տանող ճանապարհը ողջ աշխարհի ու մարդկութեան առջև։

Քայլ առ քայլ քայլենք Քրիստոսի հետ, և այնժամայն մեր առջև ծունկի խոնարհումով պիտի տեսնենք Քրիստոս, որ կը շարունակէ կատարել լուացումը մեր փոշոտած ոտքերուն, որպէս խոնարհութեան կենսատու խրատ և կեանքի պատգամով մեզի կը բարձրացնէ առ Աստուած։

Կը քայլենք Քրիստոսի հետ դէպի Գողգոթա՝ խաչելութեան լեռը, և ինչպէս այն օրերուն, այսօր ժխորին մէջ կամայ թէ ակամայ մենք կը դառնանք Աստուածորդին խաչը բարձրացնոց մարդը, որովհետև մեր կեանքով կը մնանք հեռու և օտարացած աստուածային սէրէն։ Շարունակէք Դուք Ձեր հոգևոր ճանապարհորդութիւնը, և մնացեալը կը թողունք, որ Դուք կարդաք և փնտռէք եղելութեան շարքը և սակայն խորասուզած Ձեր հաւատքին մէջ, աղօթանուէր կեանքով անյագօրէն սպասէք Յարութեան արշալոյսին, որուն հետ նոր ծնունդով մը պիտի ապրի քրիստոնեան։

«Ովսաննա՜»-ներու ճանապարհին, խաչի ճանապարհին, Յարութեան լոյսին առաջնորդող ճանապարհին ընդմէջէն քայլենք մեր կեանքով։

Ո՛վ հայ քրիստոենայ, խոնարհուի՛ր քո հոգևոր էութեանը խորքը, որպէսզի ապրի քրիստոնէական հաւատքը քո նախնեաց, որպէսզի Աւետարանը դարձնես հայրը քո աղօթական կեանքին, և Հայոց Եկեղեցին՝  մայրը։

Ապրի՛ր կեանքդ Քրիստոսի հաւատքին զօրութեամբ։ Մնա՛ վեր խոնարհուելու մղումէն, որպէսզի չօտարանաս Աստուծմէ և խոստումը կատարես հետևելու Աստուծոյ կամքին։ Քանզի երբ կը քայլես Աստուծոյ հետ, ապա այն ժամանակ հոգիդ ու սիրտդ կը դառնան բուրվառ, որուն մէջ լեցուն աղօթքով կը դառնաս անուշաբոյր խունկը Աստուծոյ փառքին համար։

Թող քո մէջ ծնի նոր մարդը՝ Աւագ Շաբթուայ խորհուրդով զարդարուած, քանզի Յարութեան լոյսը կը ծնի սուրբ հոգիի մը մէջ միայն։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Աւագ Շաբաթ

2019


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները