Թեմ
Հրապարակված է: 03/19/2019
Մնալով հաւատարիմ իր ծրագրին՝ հայ մշակոյթը պահպանելու ու զարգացնելու, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը համայնքին ներկայացուց իր Կոմիտաս Երգչախումբի հայ երգերու համերգը, նուիրուած Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 150 ամեակին:
Ելոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 16, 2019-ին Կլէնտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկայացնելով Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Տ. Եղիա Քնն. Իսաեան Սրբազան Հօր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, մաղթելով Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան նորանոր յաջողութիւններ իրենց կատարած հայապահպանման ծրագիրներուն: