Թեմ
Հրապարակված է: 03/19/2019
Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, սոյն թուականի Մարտ 9-ին, Ջան Թաւրիզ Կազմակերպութիւնը ըստ ընկալեալ սովորութեան, ունեցաւ 14-րդ հաւաք հանդիպումը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան Սրահին մէջ:
Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի, ներկայ գտնուեցաւ այս հանդիպման եւ իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, մաղթելով Ջան Թաւրիզ Կազմակերպութեան նորանոր յաջողութիւններ իրենց կատարած հայապահպանման ծրագիրներուն: