Նվիրաբերել

Գրական Յատուկ Երեկոյ Նուրիուած Թ.մ.մ. Աւելի Քան 70 Տարիներու Ազգաշէն Գործունէութեան Եւ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի Գրական Հարուստ Ժառանգութեան

Թեմ

Հրապարակված է: 03/15/2019


Գրական յատուկ երեկոյ նուրիուած Թ.Մ.Մ. աւելի քան 70 տարիներու ազգաշէն գործունէութեան եւ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի գրական հարուստ ժառանգութեան

Թեքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճըլըսի Մասնաճիւղին կազմակերպած այս ձեռնարկը, մասնակցութեամբ Թ.Մ.Մ. Մեծն Լոս Անճըլըսի մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 10, 2019, Կլէնտեյլի Կեդրոնական Գրադարանի հանդիսասրահին մէջ:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան: Ելոյթ ունեցան տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան նւիթ ունենալով Թ.Մ.Միութեան աւելի քան 70 տարիներու ազգաշէն գործունէութիւնը եւ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան նիւթ ունենալով Վահան Թէքէեան Գրագէտն ու Բանաստեղծը:

Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան, որ ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ շնորհաւորանքներ ու բարի մաղթանքներ փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին:  


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները