Թեմ
Հրապարակված է: 03/15/2019
Թեքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճըլըսի Մասնաճիւղին կազմակերպած այս ձեռնարկը, մասնակցութեամբ Թ.Մ.Մ. Մեծն Լոս Անճըլըսի մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 10, 2019, Կլէնտեյլի Կեդրոնական Գրադարանի հանդիսասրահին մէջ:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան: Ելոյթ ունեցան տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան նւիթ ունենալով Թ.Մ.Միութեան աւելի քան 70 տարիներու ազգաշէն գործունէութիւնը եւ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան նիւթ ունենալով Վահան Թէքէեան Գրագէտն ու Բանաստեղծը:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան, որ ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ շնորհաւորանքներ ու բարի մաղթանքներ փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին: