Թեմ
Հրապարակված է: 03/07/2019
Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019, Կլենտել քաղաքի Սբ. Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Աղօթքի Օրը:
Տարբեր յարանուանութիւններէ հաւաքուած էին հինգհարիւրէ աւելի Հայ հաւատացեալ կիներ՝ միասին ըլլալու եւ միասին աղօթելու:
Տպաւորիչ եւ գնահատելի երեւոյթ:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին կողմէ մասնակցեցաւ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, որ ուրիշներու կարգին Հոգեւոր ուժեղ պատգամ մը փոխանցեց՝ “Եկեղեցին կ’աղօթէ” յատկանշական նիւթով:
Հայր Տաճատ նախ բացատրեց թէ “Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին կը կազմենք, այսինքն՝ միասնաբար կը կազմենք Քրիստոսի Մարմինը” համաձայն Պողոս Առաքեալին (Կորնթացի ԺԲ 12-13 եւ 27) եւ ապա եզրակացուց թէ այս միութիւնը կառաջնորդէ ըլլալ “Մեկ սիրտ եւ մեկ հոգի:”
Հայր Սուրբը վերլուծեց նաեւ թէ “Քրիստոսի Եկեղեցին Կ’ԱՂՕԹԷ:” Քրիստոսի հաւատացողները կ’աղօթէն, որովհետեւ Քրիստոս Ինքը աղօթեց, որովհետեւ Քրիստոս Ինքը սորվեցուց աղօթել եւ Քրիստոսի հաւատացողը կ’աղօթէ Քրիստոսի նմանելու համար…:
“Կանանց Միջազգային Աղօթքի Օր”ը գեղեցիկ առիթ մըն է, որ ամէն տարի տեղի կ’ունենայ, երբ հաւատացեալ Հայ Կիներ մեծ հաւատքով կը հաւաքուին միասին աղօթելու՝ յիշելով Յիսուսի աստուածային հետեւեալ Խօսքը. – “Մնացէք իմ մէջս եւ ես ձեր մէջ” (Յովհաննես ԺԵ. 3):
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ