Նվիրաբերել

Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Սբ. Պատարագ Եւ Հաւատք Եւ Հայրենիք Առաքելութեան Հաստատում

Թեմ

Հրապարակված է: 03/01/2019


Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց Սբ. Պատարագ եւ Հաւատք եւ Հայրենիք Առաքելութեան Հաստատում

Ղեւոնդեանց Նահատակ Քահանաներու Տօնին առիթով, Փետրուար 26, 2019, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Հոգեւորականաց Համաժողովէն ետք, Արեւմտեան Թեմի բոլոր Հոգեւորականներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սբ. Պատարագ:

Պահը լուրջ էր եւ խոր:

 Վերջերս, Թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան նոր առաքելութիւն մը հաստատած էր «Քրիստոնէական Հաւատք եւ Հայրենիք» խորհրդաւոր անունով, որուն նպատակն էր 18 տարիքը աւարտած Հայ Երիտասարդ¬Երիտասարդուհիներ, Ղեւոնդեանց Տօնի Սբ. Պատարագի ընթացքին, պաշտօնապէս պիտի կատարէին իրենց «Հաւատարմութեան Ուխտ»ը՝ Քրիստոնէական Հաւատքով ապրելու, Հայ Առաքելական Եկեղեցիին հաւատարիմ ըլլալու եւ Քրիստոնեայ Ընտանիք կազմելու  խոստումով:

Այս առիթով, հաւաքուած էին 45 Երիտասարդ¬Երիտասարդուհիներ, որոնք Սբ. Հաղորդութիւն ճաշակելէ առաջ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ բեմին առջեւ: Մինչ այդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, երեք Վարդապետներով եւ երեք Քահանաներով, շարականի երգեցողութեամբ բեմ բարձրացած՝ սկսան յատուկ արարողութիւն մը: Աւետարանի ընթերցում, շնորհակալութեան աղօթք եւ Խոստումի բանաձեւ իրարու յաջորդեցին միասնական արտասանութեամբ (Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով): Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ իր օրուան խորհուրդին առընչուած ուժեղ պատգամ մը, որ քաջալերանքի խօսքերով կը թելադրէր եւ   Երիտասարդ¬Երիտասարդուհիները կը յորդորէր՝ Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց Նահատակներուն հոգիով ու գործնական տեսիլքով հաւատարիմ ըլլալ Քրիստոնէական Հաւատքին ու Կեանքին, Հայ Առաքելական Եկեղեցիին եւ Հայրենիքին:

Այս առիթով, Երիտասարդ¬Երիտասարդներուն բաժնուեցաւ Վկայագիրներ եւ յիշատակի Խաչեր՝ իբր մնայուն վկայութիւն իրենց կատարած  Հաւատարմութեան Ուխտին:

Նոր Սերունդը առած էր Հաւատքի իր հաստատ քայլը, սկսած էր լրջութեամբ խորանալ եւ քալել Քրիստոնէական Հաւատքի ճանապարհին մէջ: Խոստովանանքէն ետք  հաւատքով հաղորդուեցան Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Մարմինով:

Խօսող լռութեան մէջ՝ Հայ Երիտասարդութիւնը լեցուեր էր Քրիստոնէական խորհուրդներով ...:

Գնահատանքի եւ ծափահարութեան արժանի:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բոլոր Եկեղեցիներէն ներս, այս գեղեցիկ եւ կրօնական¬ազգային խորհուրդներով լեցուն աւանդոյթը ամէն տարի պիտի շարունակուի՝ Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց Տօներուն առիթով:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները