Թեմ
Հրապարակված է: 02/27/2019
Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Նահատակ Եկեղեցականներու Տօնին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս (Պըրպենք), տեղի ունեցաւ 2019ի Հոգեւորականներու Միօրեայ Համաժողովը՝ Թեմի մէջ ծառայող բոլոր Եկեղեցականներու մասնակցութեամբ:
Համաժողովը, իր օրակարգով եւ բովանդակութեամբ, ունեցաւ մեծ կարեւորութիւն:
Մինչեւ կէսօր, Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, օրակարգի վրայ դրաւ Վարչական, Կազմակերպչական, եւ Հովուական ծրագիրներու մշակման հետ կապուած զանազան նիւթեր եւ աշխատանքներ՝ առաջնորդուելով Մեր նպատակն է Աստուծոյ Խօսքը հասցնել մեր ժողովուրդին հաստատ սկզբունքով: Օրակարգի վրայ էր նաեւ նոր սերունդի եւ նոր ոյժերու պատրաստութեան հարցը՝ Եկեղեցական եւ համայնքային ծառայութեան նպատակով:
Կէսօրէ ետք, Ժողովը անցաւ իր երկրորդ փուլին:
Օրակարգի այս երկրորդ բաժինը, որ ծրագրուած էր իբր խորհրդաժողով, կեդրոնացաւ եւ արծարծեց Հովուական մէկ հիմնական նիւթ.¬ Խոստովանանքին Խորհուրդը եւ Անհատական Խոստովանանքը:
Այս ընդհանուր նիւթին կապակցութեամբ, իբր բացում եւ մեկնակէտ, ելոյթ ունեցաւ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան՝ Մեղքերու անհատական Խոստովանութիւնը իբր Քրիստոնէական Կատարելութեան ընթացք նիւթով, որու ընթացքին կատարեց Սուրբ Գրային եւ աստուածաբանական անհրաժեշտ նշումներ՝ յատկապէս Մարդ¬Աստուած փոխյարաբերութիւնը ունենալով իբր յենարան՝ հասկնալու համար մարդուս մեղանչականութիւնը եւ Աստուծոյ Սէրը եւ Ներողամտութիւնը մեղաւոր մարդուն հանդէպ:
Ապա, հերթաբար, տեղի ունեցան երեք բովանդակալից ելոյթներ եւ ներկայացումներ:
1) Արժն. Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբեկեան ներկայացուց Ապաշխարութեան եւ Խոստովանանքին Քրիստոնէական նպատակը՝ վերադարձ դէպի Աստուած եւ մարդուս փրկութիւնը: Շահեկան նիւթ մը, որուն եզրափակիչ արտայայտութիւնը եղաւ թէ Ապաշխարութիւնը, Մեղքերու Զղջումը եւ Խոստովանութիւնը ըմբռնելի են միայն Քրիստոնէական Հաւատքի ոյժով եւ համոզումով:
2) Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան իր ելոյթին իբր հետաքրքրական նիւթ ունեցաւ Խոստովանահայրը, անոր կրօնական պատրաստութիւնը, պարտականութիւնը եւ Հոգեւոր Հայրութիւնը: Տէր Հայրը իր նիւթը առաւելաբար հիմնեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամէնէն ցայտուն եւ հեղինակաւոր աստուածաբաններէն՝ Սբ. Գրիգոր Տաթեւացի Վարդապետին տուած աստուածաբանական խորհուրդներուն եւ ցուցմունքերուն վրայ:
3) Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի նիւթն էր Խոստովանանքին Խորհուրդը եւ Անհատական Խոստովանանքը, համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ընկալումին:
Հայր Սուրբը անդրադարձաւ զղջումով դէպի Աստուած մարդուս վերադարձին (նման Անառակ որդիին), ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցականին միջոցով խոստովանութեամբ մաքրուելու եւ բժշկուելու մասին: Մեղքերու Խոստովանութեան կիրարկումին մէջ, զեկուցաբերը անդրադարձաւ մեղաւոր՝ բայց զղջացող մարդուն մէջ Աստուծոյ ունեցած բացառիկ ներգործութեան (effect), որպէսզի մարդս կարենայ ներքսապէս կամ հոգեպէս կերպարանափոխուիլ եւ վերստին ծնիլ Քրիստոսի մէջ: Աստուծոյ Ներգործութիւնը, մարդուս մէջ, կը կոչուի Աստուածային Շնորհք: Այդ Շնորհքը, կ'ըսէ Առաքեալը, Ծնունդ մըն է նոր կեանքի (Յովհաննէս Գ. 3), կեանք մը՝ մահէն դէպի կեանք վերադարձող (Հռոմայեցի Զ. 4, 8, 11 եւ 13 ):
Վերլուծումներով շաղախուած այս ելոյթը ընդարձակ եւ խոր լուսաբանութիւններ հայթայթեց ներկայ Հոգեւորականներուն:
Ներկայացուած երեք զեկոյցներուն հոգեւոր¬կրօնական բովանդակութիւնը, ներկայ Հոգեւորականներուն առիթ տուաւ՝ գաղափարներ եւ կարծիքներ փոխանակելու եւ գործնական առաջարկներ կատարելու՝ ի նպաստ մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու «Հոգեկան Բժշկութեան»: Առաջարկուեցաւ այս նիւթերու արծարծումը շարունակել 2019ի Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Հոգեւորականաց Բ. Համաժողովին, որ պիտի կայանայ Պատգամաւորական Ժողովի նախօրեակին:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Փետրուար 27, 2019
Պըրպենք