Նվիրաբերել

Ամանորեայ Եւ Սուրբ Ծննդեան Շնորհաւորանք

Թեմ

Հրապարակված է: 01/18/2019


Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան Շնորհաւորանք

Յունուար 9-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուրիակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի այցելեց Առաջնորդարան, Պըրպենք, աւանդութեան համաձայն շնորհաւորելու թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը՝ նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի արծարծուին մեր համայնքն ու հայրենիքը յուզող հարցեր: Շեշտուած է համագործակցութիւնը ազգային զանազան կառոյցներու միջեւ, որուն համար անհրաժեշտ է առողջ գործակցութիւն եւ միասնականութիւն:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացա զրոյցին ընթացքին ներկաները մաղթած են բարգաւաճ եւ արդիւնաբեր տարի մը բոլորին համար:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները