Թեմ
Հրապարակված է: 12/17/2018
Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան անդամները, անոր հովանիին տակ գործող շաբաթօրեայ վարժարանի ուսանողները այս տարի եւս այցելեցին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ անոր օրհնութիւնը ստացան։ Ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանը, Թեմական Խորհուրդի անդամ՝ Տիար Վահէ Իսկէնտէրեանը, Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Տիար Խաչիկ Ճանոյեանը, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհին, ուսուցչաց կազմը, միութեան անդամները, ծնողները եւ աշակերտ-աշակերտուհիներ։
Սրբազան Հայրը իր բարի գալստեան խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները, դրուատեց միութեան հայուղի առաքելութիւնը եւ կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու Առաջնորդարանին հանդէպ։ «Եկեղեցին Քրիստոսի Խորհրդական մարմինն է։ Եկեղեցին դուք էք, այստեղ հաւաքուածներս ենք, այս մանուկներն են, որոնք քով-քովի գալով՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, աղօթք կը սորվին եւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագին մասնակից կը դառնան», մատնանշեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Խօսելով հայ գիրի ու մշակոյթի մասին, Սրբազանը կարեւորեց անոր այժմէականութիւնը եւ դերակատարութիւնը մեր կեանքէն ներս. «Առանց հայ գիրի, հայ ոգիին ու մշակոյթին մենք կ’օտարանանք, կը ձուլուինք եւ մեր հայութենէն ամբողջապէս կը պարպուինք։ Մեր զաւակները հայերէն բարբառելով, հայ մշակոյթին կառչելով՝ իրենց արմատներուն առաւել եւս կը փարին եւ հեռու կը մնան համաշխարհայնացումի վատ ազդեցութիւններէն»:
Ապա խօսք արտասանեց Իրաքայերու Ընտանեկան Միութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Տիար Խաչիկ Ճանոյեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր ջերմ ընդունելութեան եւ հանդիպման համար։ Ան խօսեցաւ Միութեան գործունէութեան եւ անոր դիմաց ծառացած բազմապիսի խնդիրներու մասին, որոնք անդամներու անմիջական աջակցութեամբ կը յաղթահարուին։ Իր խօսքի աւարտին Պարոն Ճանոյեանը Սրբազան Հօր առողջութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց իր քրիստոսաուղի ճանապարհին մէջ։
Ներկայ փոքրիկները իրենց դիւթիչ ձայնով քանի մը երգերով հանդէս եկան եւ տարբեր երանգ պարգեւեցին այս հանդիպման, որմէ ետք բոլորուեցան Սրբազան Հօր շուրջ եւ միահամուռ աղօթեցին աշխարհիս խաղաղութեան, Եկեղեցւոյ անսասանութեան ու Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման համար։ Հանդիպման աւարտին Յովնան Սրբազանը իր իսկ հեղինակած աղօթագրքերը նուիրեց իւրաքանչիւրին եւ մաղթեց, որ բացուող Նոր Տարին ըլլայ օրհնաբեր, նորանոր նուաճումներով եւ իրագործումներով լի տարի մը։