Նվիրաբերել

Սիրալիր Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի

Թեմ

Հրապարակված է: 12/13/2018


ՍԻՐԱԼԻՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ՝ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ

Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջանորդարանէն ներս կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Երուսասաղէմի Հայոց Պատրտրաք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան։ Ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը եւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, հոգեւորականաց դասը, բարերարներ, ազգային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ։

Իր բարի գալուստի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Պատրիարքը եւ վեր առաւ անոր քաջարի կեցուածքն ու սկզբունքայնութիւնը։ Ապա խօսելով Հայ Երուսաղէմի մասին, Սրբազանը կարեւորեց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան առաքելութիւնը եւ դերակատարութիւնը, որ ոգի ի բռին եւ նախանձախնդրութեամբ կը պահպանէ ու տէր կը կանգնի տէրունի սրբատեղիներուն։ «Հայ Երուսաղէմը իւրաքանչիւր հայորդիի հոգիի վերածննդեան վայրն է։ Մեր նախահայրերը դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններ կատարած են դէպի Երուսաղէմ։ Տիրոջ անցած ճանապարհներէն անցնելով, զգալով եւ ապա զանոնք պատկերելով, Անոր հրաշափառ պատումներու վայրերը այցելելով, Ս. Պատարագներու ներկայ գտնուելով հաւատացեալը Աստուածորդւոյն կեանքի դրուագները եւ գործած հրաշքները ներքնապէս կ’ապրի»։ Յովնան Սրբազանը ի պաշտօնէ յայտարարեց, որ այսօր հիմքը կը դրուի «Սրբոց Յակոբեանց Ասպետներ» (Knights of Saint James) Հիմնադրամին, որուն նպաստը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։

Թեմակալ Առաջնորդին խօսքէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր ընդունելութեան համար։ Նուրհան Սրբազանը անդրադարձ կատարեց Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին եւ կարեւորեց այն իրողութիւնը, որ այսօր հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ հաւասար իրաւունքներ ունի թէ՛ Հռոմի եւ թէ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներուն նման։ Ան կոչ ուղղեց եւ հրաւիրեց հաւատացեալները՝ այցելելու Երուսաղէմ, վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ աղօթք բարձրացնելու տէրունի սրբավայրերուն մէջ։

Պատրիարք Հօր խօսքէն ետք, ներկաները մօտեցան Նուրհան Սրբազանին՝ անոր օրհնութիւնը ստանալու եւ զրուցելու համար։ Պատրիարք Հայրը պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն եւ հաւատացեալները Երուսաղէմի մէջ տեսնելու մաղթանքով՝ հրաժեշտ տուաւ։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները