Թեմ
Հրապարակված է: 12/08/2018
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, 7 Դեկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի շրջափակը լեցուն էր աւելի քան 650 ճռուողիւն թռչուններով՝ հայ մանուկներով։ Անոնք եկած էին տօնախմբելու Ամանորը եւ Քրիստոսի Ս. Ծնունդի խորհուրդով լեցուելու, ապրելու եւ ապրեցնելու։ Տօնախմբութիւնը կը հանդիսապետէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ներկայ էր նաեւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» հանդիսասրահէն ներս։
Հոգեւորականաց դասը եւ Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը սրտբացօրէն ընդունեցին եւ դիմաւորեցին աշակերտութիւնը։ Մասնակից դպրոցներն էին՝ Սահակ Մեսրոպ, Մերտինեան, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ Թամար Մանուկեան, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տէրմիճեան, Յովսէփեան, Փոքրիկ հրեշտակներ, Jefferson եւ R.D.White վարժարանները։
Նախքան տօնախմբութիւնը, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը ողջունեց մանուկները եւ զանոնք հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու Սպիտակի երկրաշարժին զոհ դարձած զոհերու անմեռ յիշատակը։ Ապա Սրբազան Հօր հետ միասին, մանուկները միաբերան աղօթք բարձրացուցին առ բարձրեալն Աստուած եւ խնդրեցին խաղաղութիւն, եղբայրասիրութիւն եւ բարօրութիւն համայն աշխարհիս համար։
Յայտագիրը ներկայացուց Փոքրիկ Հրեշտակներ դպրոցի աշակերտները, որոնք իւրօրինակ կատարողութեամբ հանդէս եկան եւ գրաւեցին ներկաներու ուշադրութիւնը։ Անոնք թատերական կատարողութեամբ ներկայացուցին Քրիստոսի Ս. Ծննդեան պատմութիւնը եւ Ծննդեան երգերով իմաստաւորեցին օրուայ հանդիսութիւնը։ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն ուսանողներ իրենց նուրբ շարժումներով հայկական պարով հանդէս եկան։ Իսկ Վաչէ Թամար Մանուկեան վարժարանի ուսանողները քանի մը երգերով խանդավառեցին ներկայ մանուկները։
Ամէնէն հետաքրքրական պահը Կաղանդ Պապայի գալուստն էր։ Փոքրիկները խնդութեամբ եւ ծափողջոյններով դիմաւորեցին զինք, պարեցին եւ Կաղանդ Պապային հետ միասին ամանօրեայ երգեր երգեցին։
Տօնախմբութեան աւարտին փոքրիկները Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։ Փոքրիկները իրենց դպրոցները վերադարձան ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ։ Նշենք, որ յաջորդ տարուայ տօնախմբութեան ներկայացումը պիտի կատարէ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի ուսանողները։