Թեմ
Հրապարակված է: 12/07/2018
Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2018-ին, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմէնիք արարողութիւն։ Ներկայ էին Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը, Սան Ֆրանսիսքոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Գերշ. Տ. Կերասիմոս Արքեպիսկոպոսը, օրուայ յոբելեար՝ Արժ. Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Պաքասը, Թեմիս քահանայից դասը, օտար Եկեղեցիներու հոգեւորականներ, ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
Օրուայ հանդիսավարն էր՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեանը, որ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ կարեւորեց Եկեղեցիներու համախմբումը եւ միաձայն աղօթք բարձրացնելը առ Աստուած։ Ապա անգլերէն լեզուով կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն, որ քաղուած էր Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքէն։ Մայր Տաճարիս երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ յաջորդաբար ներկայացուց «Հայր Մեր», «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», «Սուրբ, Սուրբ» շարականները։ Ս. Սոֆիա Յոյն Եկեղեցւոյ երգչախումբը նոյնպէս փունջ մը շարականներով հանդէս եկաւ։
Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Ալեքսէյ Սմիթը Տ. Յովհաննէսի դասընկերն էր։ Ան վեր առաւ քահանայ հօր արժանիքները՝ ծառայասիրութիւնը եւ մարդամօտութիւնը։ Օրուան յոբելեար քահանան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան Սրբազանին, միջոցառման եւ զինք այս պատիւին արժանացնելուն համար։ Տէր Հայրը խօսեցաւ Եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, որ Քրիստոսի Եկեղեցին բոլորին կը պատկանի, որուն մէջ չկան ազգային եւ ինքնութեան տարբերութիւն։ «Եկեղեցին ես եմ, դուն ես, բոլորս ենք», ըսաւ Արժանապատիւ Քահանան։
Սան Ֆրանսիսքոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Գերշ. Տ. Կերասիմոս Արքեպիսկոպոսը խօսք արտասանելով՝ գնահատեց քահանայ հօր պատրաստութիւնը, աշխուժութիւնը, զոհողութիւնն ու ծառայութիւնը, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ իսկական եկեղեցականի յատկութիւնները։ Մետրոպոլիտը նոյնպէս գնահատեց երէցկինը, որ իր ամուսնոյն առաքելութեան առաջին իսկ օրէն թեւ ու թիկունք կանգնած է անոր։ Կերասիմոս Արքեպիսկոպոսը կանաչ ճանապարհ մաղթեց քահանայ հօր՝ իր կոչման մէջ հաստատ մնալու եւ նորոգուած հոգիով շարունակելու իր ծառայութիւնը։ Ապա խօսք առաւ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ իր դրուատիքի խօսքին մէջ նշեց. «Հաւատացեալներու այս բազմութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, որ Տէր Յովհաննէսը որքա՜ն սիրուած է իր հօտին եւ այլ եկեղեցականներու կողմէ։ Որպէս հաւատքի մարդ, դուք հասաք բոլորին՝ թէ՛ աղքատին եւ թէ հարուստին եւ երբեք խտրականութիւն չդրիք անոնց միջեւ։ Դուք Հայ Եկեղեցւոյ բարեկամը դարձաք եւ ձեր մասնակցութիւնը բերիք մեր կողմէ կազմակերպուած բոլոր պատմական միջոցառումներուն։ Թող որ Ամենակալը ձեզի ուժ ու կորով պարգեւէ՝ հաւատացեալները դէպի Եկեղեցի առաջնորդելու եւ անոնց հոգեկան պապակը յագեցնելու համար» Այս առթիւ Սրբազան Հայրը յոբելեար Տէր Հօր լանջախանչ նուիրեց։
Արարողութենէն ետք «Գալայճեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ապուրի ճաշկերոյթ, որ կազմակերպուած էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Բարի Սամարացի» միութեան կողմէ։ Բոլոր հաւատացեալները սիրոյ սեղանի շուրջն անգամ հաւաքուած մէկ մարմին դարձած էին։
Թող որ Ամենակալը Ինք բոլոր քրիստոնէական Եկեղեցիները անշարժ պահէ եւ իր հաւատացեալները առաջնորդէ դէպի աղբիւրը Լոյսին։