Նվիրաբերել

Հաւատքը Գործով Կեանքի Կոչել Christmas Ball-Ի 15-Րդ Տօնախմբութիւն

Թեմ

Հրապարակված է: 12/07/2018


ՀԱՒԱՏՔԸ ԳՈՐԾՈՎ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼ CHRISTMAS BALL-Ի 15-ՐԴ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ն ուրախալի եւ ցնծառատ օր մըն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին համար։ Թեմիս պատկառու դէմքերը, բարերարները եւ ազգայինները միախմբուած էին «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» հանդիսասրահէն ներս՝ նշելու համար Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի 61-ամեակն ու առաջնորդութեան 15-ամեակը, ինչպէս նաեւ պարգեւատրելու 12 անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց բոլորանուէր ծառայութիւնը մատուցած են եւ կը շարունակեն մատուցել թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին։ Ներկայ էին Քալիֆորնիա տարածաշրջանի ծերակուտական՝ Տիար Ադամ Շիֆը, Թեմիս նախկին վաստակաշատ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը, Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ Թեմիս հոգեւորականաց դասը։

Բացման աղօթքը կատարեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը։ Տէր Հայրը իր աղօթքին մէջ յիշեց 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ի Սպիտակի երկրաշարժի եւ վերջերս Հարաւային Քալիֆորնիայի մէջ տեղի ունեցած անտառային հրդեհի զոհերը։ Տէր Հայրը նաեւ աղօթք վերառաքեց Սրբազան Հօր արեւշատութեան, գահակալութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու պանծացման համար։

Խումբ մը փոքրիկներ ղեկավարութեամբ Տիկին Սիրվարդ Քաւուքճեանի Ծննդեան գեղեցիկ երգերով հանդէս եկան եւ իմաստաւորեցին երեկոն։ Ապա խօսք արտասանեց «Christmas Ball»ի յանձնախումբ ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Քէնտիրճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Յովնան Սրբազանը իր առաջնորդութեան առաջին իսկ օրէն նոր շունչ ու թարմութիւն բերաւ Թեմէս ներս։ Ան կարեւորեց Սրբազան Հօր համեստութիւնն ու ազնուութիւնը եւ անձնուէր ծառայութիւնը, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ հայ հոգեւորականի յարիր վարքագծեր։ Մէջընդմէջ հնչեցին հայկական, եւրոպական եւ ամերիկերկան երաժշտութիւններ, որոնք ներկաներու ուժգին ծափողջոյններուն արժանացան։

Ապա բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ ներկայ Սրբազաններուն, ծերակուտական Ադամ Շիֆի եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի՝ պարգեւատրելու համար յոբելեարները։ Անոնք են՝ Արին Ապուլեանը, Թոմաս Ալեքսանեանը, Ռոպերթ Պարսամը, Սարգիս Տէր Սարգիսեանը, Արսինէ Քալֆայեանը, Գրիգոր Քարակէօզեանը, Սիրվարդ Քաւուքճեանը, Ֆրետերիկ Մեսրոպին, Էտի Սարաֆօղլուն, Այտա Սէթեանը, Պելէթ Շահպազեանը եւ Սեպուհ Ծաղիկեանը։ Խօսքը ուղղելով ներկաներուն եւ պարգեւատրեալներուն՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ըսաւ. «Որքա՜ն մեր սիրտը կը հրճուի ի տես այսպիսի նուիրեալներու զոհողութեան եւ անձնուրաց ծառայութեան։ Մենք պատուոյ գիրով կը պատուենք, բայց մեծագոյն պարգեւատրողը նոյնինքն Աստուած Ինքն է։ Ես վստահ եմ, որ դուք այս բծախնդութեամբ եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէք ձեր անմնացորդ ծառայութիւնը բերել թէ՛ մեր Եկեղեցւոյ եւ թէ մեր համայնքին» Պարոն Շիֆը, իր հերթին, շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, իսկ Սրբազան Հօր երկար տարիներ ու բեղուն գործունէութիւն մաղթեց։ Ապա Ներկաները հերթաբար շնորհաւորեցին յոբելեարներն ու Թեմակալ Առաջնորդը։ 

Երեկոյի կարգախօսն էր «Հաւատքը գործով կեանքի կոչել» Սրտերը քննողը Աստուած Ինքն է եւ գիտէ ինչպէ՛ս իր զաւակները վարձահատոյց ընել։ Սրբազան Հօր կը մաղթենք արեւշատութիւն, ուժ ու կորով՝ իրեն վստահուած Քրիստոսի բանաւոր հօտը առաջնորդելու ի բարին եւ ի խաղաղութիւն։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները