Թեմ
Հրապարակված է: 11/27/2018
Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Գալիֆորնիայի նորանշանակ Հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեանի։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան, Ղարաբաղի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Տիար Վահագն Մելիքեան, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Մայր Աթոռի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ ու ազգայիններ։
Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Թեմիս Առաջնորդը, որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պարոն Բայբուրդեանի նուիրուածութիւնը եւ ծառայութիւնը՝ ի խնդիր հայրենիքի եւ սփիւռք-հայրենիք կապերու խորացման ու սերտացման։ Ապա խօսք արտասանեց ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Պարոն Արմէն Բայբուրդեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան համար, նաեւ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, որ իր բոլորանուէր աջակցութիւնը ցուցաբերած է իրեն իր պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն։ Խօսելով այսօրուայ Ամերիկահայ երիտասարդութեան մասին, Պարոն Հիւպատոսը ըսաւ. «Մեր երիտասարդութիւնը պէտք է ուղենիշ ունենայ եւ մօտենայ Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցւոյ միջոցաւ երիտասարդը ազգի բաղադրիչը եւ անքակտելի մէկ մասը կը դառնայ։ Այսօր մեր դիմաց ծառացած են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնցմէ գլխաւորագոյնն են հայապահպանումն ու հայակերտումը։ Արեւմտեան Թեմի ձեռնարկած միջոցառռւմները, ծրագիրները, դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնները հայը հայ պահելու կարեւորագոյն գործօններէն մին կը հանդիսանան»։
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեանը նոյնպէս իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Սրբազանը ներկայացուց Պոլսոյ հայ համայնքի ընդհանուր դիմապատկերը, խնդիրները եւ ձեռքբերումները։ Ապա խօսք արտասանեց Պարգեւ Սրբազանը, որ կարեւորեց հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի շուրջ բոլորուելու գաղափարն ու հրամայականը։ Իսկ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Տիար Վահագն Մելիքեանը խօսելով Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին մասին՝ մատնանշեց. «Հեշտ ժամանակներու մէջ չէ որ կ’ապրինք։ Խօսքս կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին 6 ամիսներուն։ Ես եւ ընտանիքս այնտեղ գտնուելով, համոզուեցանք որ մենք պարտուող ազգ չենք։ Մենք մաքառող ազգ ենք եւ նոյնիսկ օտար ափերու մէջ իսկ արարող, շինող, աշխատասէր ժողովուրդ մըն ենք։ Այսօր Հայրենիքն ու Սփիւռքը աւելի եւս պէտք է միաւորուի, ձեռք ձեռքի տայ՝ Հայաստանը աւելի բարգաւաճ դարձնելու համար»։
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Փառք կերակրողին» աղօթքով։
Ալեքս Սրկ. Գալայճեան