Նվիրաբերել

Թեմակալ Առաջնորդը Կ’այցելէ Տէր Եւ Տիկին Յակոբ Եւ Քնար Մանճիկեաններուն

Թեմ

Հրապարակված է: 11/20/2018


ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՔՆԱՐ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեբեր, 2018-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններուն։

Պարոն Մանճիկեանը երկար տարիներու հարուստ վաստակ ունի՝ որպէս ազգային գործիչ, բարերար եւ գրող։ Ան նաեւ ատենապետը եղած է Մոնթեպելլոյի Մեծ Եղեռնի յուշակոթողի յանձնախումբին։ Հեղինակ է բազմաթիւ հրատարակութեանց։ Իր գրչին կը պատկանին «Յուշամատեան Յեղափոխական Դաշնակցութեան» խորագրեալ երկու հատորները։ Իրեն շնորհիւ Առաջնորդարանիս Գրադարանին մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան» նուիրուած գրքերու յատուկ բաժին մը բացուած է։

Այս հանդիպումը անձնական բնոյթ կը կրէր, որուն ընթացքին նաեւ քննարկուեցան հայ մշակոյթի եւ մասնաւորապէս ամերիկահայութեան յուզող հարցերը։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները