Թեմ
Հրապարակված է: 11/21/2018
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ՝ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ։ Պատարագիչն էր Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ Հայաստանէն յատուկ ժամանած էր Ս. Պատարագը մատուցելու համար։ Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապեութեան վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, ՀՀ գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը, «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» Տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեանը, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ բարերարներ։
Թեմիս Առաջնորդը ողջունեց ներկայութիւնը մեծարգոյ նախագահին, որ ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու համար համահայկական թելեթոնին։ Խօսելով Համահայկական Թելեթոնի մասին, Յովնան Սրբազանը նշեց, որ սոյն հիմնադրամը 20 տարիներէ ի վեր կը գործէ մեր հայրենիքին ի խնդիր, կը նպաստէ հայակերտումի առաքելութեան եւ կը շէնացնէ մեր պատմական հայրենիքը։ «Արցախի ներկայութիւնը իւրաքանչիւր հայորդիի կեանքին մէջ ոգի է, առաքելութիւն է, նպատակ է…։ Անցնող ամիսներուն երբ բացումը կը կատարէինք «Յովհաննէս Թումանեան» թիւ 9 դպրոցին, ականատես վկան դարձանք, որ մանուկներ ինչպիսի՜ ոգիով ու խանդավառութեամբ կը դիմաւորէին իրենց դպրոցի բացումը։ Սեփական մեր աչքերով տեսանք ծաղկող Արցախը, զգացինք թէ մեր հերոս նահատակները ինչպիսի՛ ոգիով պայքարած են եւ իրենց բորբ արիւնը թափած՝ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան։ Մեզմէ սպասուածը կեանք չէ, այլ աղօթք եւ նիւթական աջակցութիւն մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ անոնց քաջալեր հանդիսանալու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Գումարը կարեւոր չէ, այլ կամեցողութեան եւ մասնակցութեան տրամադրութիւնը», մատնանշեց Սրբազան Հայրը։ Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ վսեմաշուք Նախագահը անցնող տարիներուն բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձա¬խնդ¬րու¬թեամբ ծառայեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման, մեր ժողո¬վուր¬դի տնտեսական կեանքի բարելաւման, Արցախի քաջարի բանակի առաւել կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ծիրին մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր: «Ուժ ու կորով կը մաղթենք ձեզի, պարոն նախագահ, որպէսզի շարունակէք ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը», իր խօսքը եզրափակեց Թեմակալ Առաջնորդը։
Ապա օրուան պատարագիչ Սեպուհ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուցած էր Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցելու։ Սրբազանը խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան մասին։ ««Հայր մեր»ի մասին բազում գրքեր ու մեկնութիւններ գրուած են։ «Հայր մեր»ը բանալին է դէպի երկինք տանող, որուն շնորհիւ հաւատացեալին սիրտն եւ երկնքի դռները կը բացուին։ «Հայր մեր»ը իւրաքանչիւր հաւատացեալի հաւատամքն է, որուն միջոցաւ հաւատաւոր հայորդին իր սիրտը կը բանայ երկնաւոր Հօր Աստուծոյ եւ կը խոստովանի իր մեղքերը։ Մենք ինչպիսի՞ ոգիով աղօթքի կը կանգնինք։ Աղօթքի ժամանակ պէտք է մաքուր սրտով, ճշմարտութեամբ կանգնինք, երկիւղածութեամբ եւ հաւատքով երկխօսութեան մէջ մտնենք Հօր Աստուծոյ հետ»։
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Ղարաբաղի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբի հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։
«Խաչատուրեան» Դ. Դաս երգչախումբի հիմնադրութեան առթիւ, ճաշկերոյթ մը սարքուած էր։ Գեղարուեստական յայտագիր մը տեղի ունեցաւ, որ հանդիսութեան աւելի փայլք տուաւ։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորութեան խօսքը ուղղեց՝ ըսելով. ««Խաչատուրեան» երգչախումբը երգի ու երաժշտութեան ճամբով հայ մշակոյթ եւ հայ բարձրորակ արուեստ ջամբեց հանրութեան՝ Սուրբ Պատարագներու երգեցողութեամբ եւ տարբեր հանդիսութիւններով։ Երգչախումբին 40 տարիներէն իւրաքանչիւրը հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս ոչ միայն ծաղկուն, այլ հայ հոգիին սնունդ մատակարարող պտղաբեր ծառ մը դարձաւ։ Մենք վստահ ենք, որ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս երգչախումբը պիտի շարունակէ անկոտրում կամքով շարունակել իր առաքելութիւնը, Ս. Պատարագներուն հայ հաւատաւորը ներշնչել եւ իր լուման ձգել հայ մշակոյթի գանձանակին մէջ։ Երգչախումբի անդամները կամաւոր զինուորներ են, որոնք կը պաշտպանեն ու կը տարածեն հայ երաժշտութիւնը Առաջնորդարանին ճամբով»։ Ապա Յովնան Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց «Խաչատուրեան» երգչախումբին, որպէսզի ան նոր բարձունքներ նուաճէ ի պանծացումն հայ մշակոյթին։
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ հաճելի մթնոլորտով։
PRIMATE OF THE DIOCESE OF GOUGARK CELEBRATES DIVINE LITURGY AT ST. LEON ARMENIAN CATHEDRAL - PRESIDENT OF ARTSAKH IN ATTENDANCE - KHACHADOURIAN CHOIR CELEBRATES 40TH ANNIVERSARY
At the invitation of the Diocesan Primate Archbishop Hovnan Derderian, His Grace Bishop Sebouh Chouljian, Primate of the Diocese of Gougark, celebrated the Divine Liturgy at St. Leon Armenian Cathedral. The day also marked the 40th anniversary of establishment of the Khachadourian Choir. Among the dignitaries in attendance were His Excellency Bako Sahakyan, President of Artsakh (the Nagorno Karabakh Republic); His Eminence Archbishop Pargev Martirosyan, Primate of the Diocese of the Armenian Church of Artsakh, His Excellency Armen Baibourtian, Consul General of the Republic of Armenia in Los Angeles; Haykak Arshamyan, President of the Hayastan All Armenian Fund, Joseph Kanimian, Esq., Chairman of the Diocesan Council and others.
In his remarks, Archbishop Derderian noted the importance of contributing to this year’s Thanksgiving Day Telethon. “In the life of each Armenian, Arstakh symbolizes an indomitable spirit. Artsakh is a prayer. Artsakh is hope,” said Archbishop Derderian. “No donation is too small to make a change in the life of our brothers and sisters in Artsakh,” he continued.
Archbishop Derderian reflected on his visit to School 9 in Artsakh named after Hovhannes Tumanyan for the opening ceremony of the school where he witnessed firsthand the rebirth of a nation in the eyes of the children who were so eager to begin their lives within the school’s blessed walls.
Introducing His Excellency Bako Sahakyan to the congregation, His Eminence reflected on the dedicated service of the President of Artsakh in ensuring the prosperity of the nation’s people.
At the conclusion of the service, a Requiem Service was held for the fallen soldiers of Artsakh as well as the late members of the Khachadourian Choir.
In celebration of the 40th anniversary of the establishment of the Khachadourian Choir, a reception was held in the Nazareth and Sima Kalaydjian Hall. The jubilee celebration included performances by the Choir under the conductorship of Dn. Stepan Gozumian. “The Khachadourian Choir has enriched the hearts of generations through their masterful performances of the hymns of the Divine Liturgy. We rest assured that you will continue your God-pleasing service for many more years to come,” said Archbishop Derderian in his remarks.