Նվիրաբերել

Ձեռնարկ Նուիրուած Արեւմտեան Թեմէն Ներս Ծառայող Հոգեւորականներու Ծննդեան Եւ Քահանայական Ձեռնադրութեան Եւ Օծման Տարեդարձներուն

Թեմ

Հրապարակված է: 11/16/2018


Ձեռնարկ Նուիրուած Արեւմտեան Թեմէն Ներս Ծառայող Հոգեւորականներու Ծննդեան եւ Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման Տարեդարձներուն

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ եզակի Ձեռնարկ մը, նուիրուած Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայող Հոգեւորականներու Ծննդեան եւ Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման Տարեդարձներուն:

Ձեռնարկը հովանաւորուած եւ խթանուած էր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին կողմէ:

Հաւատացեալներու եւ ազգայիններու բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ  այս իւրայատուկ հանդիսութեան: Ներկայ էին նաեւ հեռուներէն ժամանած եւ Լոս Անճելըսի շրջանի Եկեղեցականները: Զուգադիպութեամբ ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան: Ներկայ էր նաեւ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշն. Վաչէ Արք. Յովսէփեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Ժամերգութեամբ, որու աւարտին, Արժն. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան կատարեց ձեռնարկին բացումը, նպատակը եւ յայտարարեց  Թեմէն ներս ծառայող յարգելի Հոգեւորականներու 13 անուններ, որոնք արժանի գնահատանք պիտի ստանային Սրբազան Հօր կողմէ: Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ «Քահանայութեան» եւ «Քահանայական Ծառայութեան նշանակութեան եւ կարեւորութեան:

Ալենոյշ Եղնազար հոյակապ կատարողութեամբ երկու գեղեցիկ երգեր ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետէն:

Յաջորդաբար, Արժն. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան շնորհակալութեան Խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ մէջընդմէջ Շարական երգելով, Աւետարանական ընթերցում մը կատարելով եւ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի «Եթէ զիս տանիս դէպի Յորդանան» բանաստեղծութիւնը երգելով:

Շարականներու փունջ մը ներկայացուց նաեւ Մայր Տաճարի իգական Երգչախումբը: Վերջին սրտառուչ երգն էր Վ. Թեքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

Իր փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ նուիրեալ Հոգեւորականներու ծառայութեան: Յատուկ շեշտով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ «Մեզ կապեց Եկեղեցւոյ, Եկեղեցւոյ, որ մեր հոգին զրահաւորող հաստատութիւնն է» ըսաւ ան: Ընդգծեց նաեւ «Քահանայութիւնը» եւ անոր սրբազան Առաքելութիւնը: Երախտագիտութեան խօսքերէ եւ ծառայական կեանքի յաջողութիւններ մաղթելէ յետոյ, այս ուրախ առիթով պատրաստուած գեղեցիկ լանջախաչերով պատուեց գնահատանքի եւ պատիւի արժանացող օրուան 13 յարգելի Հոգեւորականները:

Խանդավառող ձեռնարկ մը՝ որու ընթացքին անվերապահ սէր եւ արժանի  գնահատանք յայտնուեցաւ Եկեղեցականներուն:

Ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդարանի սրահներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանեան տեսարաններու Լուսանկարներու Ցուցահանդէս-վաճառք մը, հեղինակութեամբ Հայաստանէն ժամանած Արժն. Տ. Սահակ Քհնյ. Մարտիրոսեանի:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նոյեմբեր 15, 2018

Պըրպենք    


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները