Թեմ
Հրապարակված է: 11/15/2018
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ին, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս Երգչախումբի քառասնամեակին նուիրուած բացառիկ համերգը։ Ներկայ էին Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գուգուրաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։
Երգերու ամբողջ ընտրանին առնուած էր Մաժակ Թօշիկեանի ստեղծագործութիւններէն եւ մշակած երգերէն, որոնք կատարուեցան թէ՛ երգչախումբի եւ թէ նուագախումբի համահունչ կատարողութեամբ։ Երգչախումբի ղեկավարն էր Բարշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզումեանը, իսկ նուագախումբի ղեկավարն էր՝ Արտաշէս Քարթալեանը։ Մենակատարողներն էին՝ Մանիկ Մանուկեանը, Ալենուշ Ն. Եղնազարը եւ Ռաֆֆի Գերպապեանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լուսի Թաշճեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձ կատարեց «Խաչատուրեան» երգչախումբի պատմականին, գործունէութեան եւ առաքելութեան։ Յաջորդաբար հնչեցին Յովհաննէս Շիրազի «Տեսնեմ Անին», «Քո Հայրենիքը», «Նամակ», «Պանդուխտ Հայեր», «Արարատ», Դանիէլ Վարուժանի «Յիսուս», «Առկայծ Ճրագ» եւ այլ հեղինակներու գործեր…։ Այս բոլոր երգերու երգահանը Մաժակ Թօշիկեանն էր, որ Պոլիսէն յատուկ ժամանած էր՝ ներկայ գտնուելու սոյն համերգին։ Հանդիսատեսները հոգեկան բերկրանք կ’ապրէին, որովհետեւ օտար ափերուն վրայ կը հնչէր հայ երգը, հայ բանաստեղծներու գործերը կ’անմահանային, երգչախումբի անդամները նախ իրենք կը ներշնչուէին եւ ներկաներուն գեղեցիկ եւ անմոռաց պահ մը կ’ապրեցնէին։
Համերգի աւարտին Երգչախումբիս ատենապետ Սիմոն Ալիճօղլու իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ Թեմակալ Առաջնորդին, Վաչէ եւ Սեպուհ Սրբազաններուն, բարերարներուն, Մաժակ Թօշիկեանին եւ երգչախումբի անդամներուն։ Վերջիններս քառամսեայ երկարատեւ ու քրտնաջան փորձերէ ետք, փառաշուք համերգով հանդէս եկան եւ իրենց կատարումներով այդ օրը լիցքաւորեցին եւ իմաստաւորեցին։
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց Երգչախումբի եւ նուագախումբի գործունէութիւնը, Մաժակ Թօշիկեանի անձնուէր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ Բարշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզումեանի հետեւողական աշխատանքը։ «Այսօր բոլորս իւրայատուկ պահ մըն է կ’ապրինք, որ ինքնին մտածել կու տայ մեզի, թէ Խաչատուրեան մեծանուն պատրիարքի անունը կրող այս երգչախումբը իր վաստակով փառք ու պատիւ բերած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմին, որ պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած պիտի մնայ։ 40-ամեակի այս ներշնչող համերգը ծնունդն է անցնող ամիսներու յարատեւ ու անյոգնաբեկ աշխատանքին ու շարունակուող փորձերուն, որոնց իրենց անտրտունջ մասնակցութիւնը բերին «Խաչատուրեան» Երգչախումբի նուիրեալ անդամները։ Յարաճուն վերելք եւ կանաչ ճանապարհ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս երգչախումբին»։
Յովնան Սրբազանի խօսքէն ետք նոյնպէս իր սրտի խօսքը արտասանեց Գուգուրաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանը, որ իր տպաւորութիւնները կիսեց ներկաներուն հետ եւ գնահատեց «Խաչատուրեան» երգչախումբի հրաշազան կատարումը։
Համերգը վերջ գտաւ Սեպուհ Սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով։