Նվիրաբերել

Ամն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականներու Հոգեւոր Առանձնացում - Last Clergy Conference Of 2018 Held At The Western Diocese Conference Focuses On Importance Of Mental Health Psychiatrist Dr. Lukas Alexanian Keynote Speaker

Թեմ

Հրապարակված է: 10/19/2018


ԱՄՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱՑՈՒՄ -  LAST CLERGY CONFERENCE OF 2018 HELD AT THE WESTERN DIOCESE CONFERENCE FOCUSES ON IMPORTANCE OF MENTAL HEALTH PSYCHIATRIST DR. LUKAS ALEXANIAN KEYNOTE SPEAKER

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, Հոկտեմբեր 15, 2018ին, Թեմի Հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միօրեայ կարեւոր Ժողով մը, որուն Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր Եկեղեցւոյ  «Քահանայութիւնը եւ Եկեղեցականի Ծառայական Վկայութիւնը»:

Ժողովը սկսաւ Առաւօտեան Աղօթքով-Ժամերգութեամբ, որուն յաջորդեց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին խօսքը: Առաջնորդը իր խօսքը կեդրոնացուց Քահանայութեան Խորհուրդի բարձրութեան, անոր նշանակութեան, եկեղեցականի պատրաստութեան, պաշտօնի պատասխանատուութեան եւ անոր անձնազոհ ծառայութեան: Անդրադարձաւ որ շատ ընդարձակ նիւթ մըն է «Եկեղեցի, Ժողովուրդ եւ Ծառայութիւն» յղացքը, որուն «Առանցքը կը կազմէ Եկեղեցականին շարունակական պատրաստութիւնը եւ ինքնաթարմացումը՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ Աւետարանին Լոյսով»: Իր խօսքը եզրակացուց ըսելով թէ «Քահանայութիւնը ապրումի եւ աշխատանքի ծառայութիւն է»:

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

Օրակարգի նիւթերուն առաջինն էր «Եկեղեցականի կոչումը եւ անոր Ծառայական Կեանքին Վկայութիւնը»: Այս մասին ելոյթ ունեցաւ ներկայ Հոգեւորականներէն՝ Արժն. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան (Հոգեւոր Հովիւ Seattleի): Նիւթը աւելի խորացաւ ներկայ Հոգեւորականներու քննարկումներուն մասնակցութեամբ՝ յատկապէս նկատի առնելով Հոգեւորականներուն հովուական, գրասենեկային եւ ընկերային ծառայութեան դժուարութիւնները...:

Նկատի ունենալով Հոգեւորականի ծառայութեան դաշտէն ներս յայտնուած նաեւ «հոգեմտային հիւանդներու» ներկայութիւնը, այս առիթով հրաւիրուած էր Կլենտէլ քաղաքի Adventist հիւանդանոցի փորձառու Հոգեբոյժ՝ Dr. Lucas Alexanian: Հիւր Հոգեբոյժը անդրադարձաւ երկու հիմնական երեւոյթներու. «Եկեղեցականներուն Հոգեւոր առաքելութիւնը» եւ Հոգեբոյժներու «Հոգեմտային հիւանդներու բժշկական ծառայութիւնը», ընդգծելով որ երկու առաքելութիւններն ալ սահմանուած են մարդոց Հոգին եւ Միտքը բուժելու՝ նկատի առնելով հոգեբանական անհանգստութիւններ, հոգեմտային հանգոյցներ, վտանգաւոր հոգեվիճակներ եւ հոգեբուժային օգնութիւններ: Ներկաներուն կողմէ յարգելի Հոգեբոյժին ներայացուեցան բազմաթիւ հարցեր եւ պարագաներ, որոնց տրուեցաւ գիտական բացատրութիւններ եւ լուծումներու առաջնորդող միջոցներ: 

Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ ներկայացուցին Արժն. Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսեան (Fresnoի Հոգեւոր Հովիւ) եւ Արժն. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան (Rancho Mirageի Հոգեւոր Հովիւ), կեդրոնանալով յատկապէս Քահանայական Կեանքի ծառայութեան կապուած զոհողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, բայց նաեւ ստացուած ներքին գոհունակութիւններուն՝ Աստուծոյ Օրհնութեան եւ վարձատրութեան: 

Ներկայ Հոգեւորականներէն շատեր ներկայացուցին Քահանայական Կեանքի իրենց անձնական «Վկայութիւնը»՝ անդրադառնալով իրենց ծառայութեան դժուարութիւններուն, լուծումներուն եւ ինքնաբաւարարութիւններուն:

Առաջին վկայութիւնը փոխանցեց Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, որ նաեւ վարիչն էր Հոգեւորականաց Ժողովին: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ նաեւ. «Իմ Քահանայական Կեանքիս տարիներու ընթացքին, յատուկ ուշադրութեամբ ջանացած եմ Հաւատքս ամրապնդել, խորացնել, Քահանայական եւ Եկեղեցական կեանքս չանցընել անհեթեթ զբաղումներով, այլ գիտելիքներուս սահմանները ընդարձակելով, խորհելով, աղօթելով, Քահանայական¬Եկեղեցական առաքելու-թեանս պարտաւորութիւնները եւ յանձառութիւններս կատարելով, կարդալով, գրելով, հրատարակելով, քարոզելով, դասաւանդութիւններ ընելով, սորվեցնելով, ուրիշներու ուղղութիւն տալով եւ այս բոլորը իբր անձնական արտայայտութիւն Հաւատքիս, Քահանայական¬Եկեղեցական ծառայութիւններուս եւ համոզում-ներուս՝ միշտ հաւատալով Եկեղեցւոյ մեծ Առաքելութեան: ... Ճիշտ է նաեւ, որ հոգեւոր եւ եկեղեցական մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը երբեք դիւրին չէ եղած»:

Միօրեայ այս Հաւաքին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց իր եզրափակիչ խորհրդածութիւնները, շեշտելով որ Քահանայութիւնը  ժամանակի մէջ կÿաճի, կը զարգանայ եւ ամէն Հոգեւորական պարտաւորութիւն ունի միշտ ինքզինքը գօտեպնդելու Աստուծոյ ներկայութեամբ, Անոր Խօսքին Լոյսով եւ Օրհնութեամբ:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Հոկտեմբեր 16, 2018

Պըրպենք                                                                                                    


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները