Թեմ
Հրապարակված է: 10/11/2018
Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը միօրեայ այցելութեամբ գտնուեցաւ Արցախ, ուր Ստեփանակերտի մէջ ներկայ գտնուեցաւ մեծանուն բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի անունը կրող թիւ 9 վերակառուցուած դպրոցի բացման արա-րողութեանը: Դպրոցի վերակառուցման իշխանական բարերարութիւնը յանձն առած էին ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ջերի եւ Փաթրիսիա Թրփանջեանները:
Դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութեանը ներկայ գտնուեցան Արցախի Մեծարգոյ Նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանը, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տերտէրեանը, «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» Գործադիր Տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» Նախագահ՝ Ազնուաշուք Տիկին Մարիա Մեհրանեանը եւ այլ պաշտօնական հիւրեր:
Դպրոցի մուտքին պատուոյ հիւրերը դիմաւորուեցան հարիւրաւոր աշակերտներու կողմէ, որոնք Արցախի դրօշով ու ծաղիկներով իրենց քաղցր ժպիտներով ներշնչեցին բոլորը: Գործադրուեցաւ պաշտօնական պատշաճ յայտագիր, որու ընթացքին հերթաբար խօսքեր արտասանեցին՝ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» Գործադիր Տնօրէնն ու Ամերիկայի Պատասխանատուն, որոնք դրուատանքի խօսքերով հանդէս եկան ձօն-ուած Թրփանջեան ընտանիքին:
Իր յատուկ խօսքով ու պատգամով հանդէս եկաւ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսը, որ մասնաւոր կերպով անդրադարձաւ կատարուած աշխատանքի կարեւորութեանը: Ստորեւ կը մէջբերենք հատուածներ Սրբազանի խօսքէն.
«Մեծայարգ Տիար Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան, ազնիւ հիւրեր եւ թանկա-գին ուսանողներ,
Փառք կու տանք Աստուծոյ այս գեղեցիկ ու պատմական օրուան համար, երբ կը վերաբացուի Յովհաննէս Թումանեանի անունը կրող այս մեծ դպրոցը, որուն ամբողջական նորոգութեան ծախսերը յանձն են առած ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ջէրի եւ Փաթրիսիա Թրփանջեանները:
Մեր մասնայատուկ երախտագիտութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին իր ներկայութեանը համար, որ միշտ բարձրօրէն է գնահատած բարերար ամոլը:
Մեր սէրը եւ օրհնութիւնը դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողաց, որ ձեռք-ձեռքի տուած կը գործնականացնեն մեր մանուկներու դաստիարակութեան նուիրա-կան առաքելութիւնը:
Մեր սէրը ձեզի, սիրելի բալիկներ եւ ուսանողներ, դուք այս պայծառ երկնքի տակ վաղուան աստղերն էք մեր ազգի: Ձեր աչքերուն մէջ կը տեսնենք յոյսն ու երազները մեր ազգի: Դուք այնպէս սովորէք, որ դառնաք պատիւը մեր Հայրենիքի ու Սբ. Եկեղեցու:
Մեր խօսքի մէջ խոր երախտագիտութեան զգացումներ կ՚ուզենք յայտնել ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ջէրի եւ Փաթրիսիա Թրփանջեաններուն, ովքեր խոնարհ ոգով իրենց ազնիւ բարերարութեամբ կ՚իմաստաւորեն իրենց կեանքը: Ի շարս բազում բարե-րարութեանց Թրփանջեան ամոլը յանձնառու եղաւ նաեւ իրականացնել Յովհաննէս Թու-մանեանի անունը կրող այս դպրոցի վերանորոգութիւնը: Այսօր Հայաստանի տարածքին, Արցախի մէջ եւ Արեւմտեան Թեմէն ներս Թրփանջեանները այն քիչերէն են, որոնք իրօք քրիստոնէական ոգով ի կատար կ՚ածեն բազում առաքելութիւններ: Մեր աղօթքն է առ բարին Աստուած, որ իրենց պարգեւէ կենաց քաջառողջ ու երկար տարիներ, որպէսզի ընտանեկան երջանկութեամբ վայելեն Ա զգին ու Եկեղեցիին պարգեւած իրենց բարիքները:
Դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու հիւրերը այցելեցին Նախագահի նստավայր, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ ապա հիւընկալուեցան Արցախի Նախագահի կողմէ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
4 Հոկտ. 2018
The renovation of the biggest and the most unique school in Stepanakert was completed. The school had not undergone any repair since 1974. Over 400 students study at this multifunctional school, which provides not only primary and secondary education, but also inclusive education for special-needs children. It has also a pre-school. As a result of the three-year long renovations, the campus will have all modern amenities for the students.
The renovation of Stepanakert's N9 school has been financed by Gerald and Patricia Turpanjian, the benefactors of the Armenia Fund Inc..