Թեմ
Հրապարակված է: 10/12/2018
Սեպտեմբեր 29-ին Պորտլանտի Ս. Գէորգ եկեղեցին նշեց Ս. Գէորգ զօրավարի տօնը: Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով հիւրաբար ներկայ էին Սիաթլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հաւատացեալները, Հոգեւոր հովիւի գլխաւորութեամբ:
Ժամանումին կատարուեցաւ Առաւօտեան ժամերգութիւն, ուխտաւորները խնդրեցին Ս. Գէորգ զօրավարի բարեխօսութիւնը: Ժամերգութեան աւարտին Հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մաշտոց Քհնյ. Քէշիշեան իր պատգամին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Սիաթլի հաւատացեալներուն, որ իրենց ժամանակը տրամադրելով ներկայ գտնուեցան ուխտագնացութեան, եւ նաեւ արժեւորեց այս մօտեցումը որպէս միջհամայնքային կեանքի կարեւոր իրադարձութիւն, ապա ներկայացուց սուրբերու բարեխօսութեան եւ ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ: Ապա Սիաթլի Հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ մաղթեց որ կրկնուի այսպիսի ուխտագնացութիւններ, որպէսզի երկու նահանգի համայնքներուն կապը աւելիով ամրապնդուի: Ժամերգութենէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ հաւատացեալները մասնակցեցան մատաղի ճաշին, որ պատրաստուած էր ժրաջան տիկնանց յանձնախումբի կողմէ:
Շատ հաճելի օր մը անցաւ հայկական ճոխ, ուրախ մթնոլորտ՝ երգելով, եւ կենաց խօսքեր արտասանելով: Պայմանաւորութիւն եղաւ հետագային աւելիով յաճախակի կազմակերպել նման փոխայցելութիւններ եւ ուխտագնացութիւններ: