Նվիրաբերել

Իզապէլ Պայրաքտարեանի Մենահամերգը Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն Ներս

Թեմ

Հրապարակված է: 09/26/2018


ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԷՆ ՆԵՐՍ

Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Կիրակի, 23 Սեպտեմբերին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Իզապէլ Պայրաքտարեանի մենահամերգը։ Համերգին ներկայ էին հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն։

Իզապէլ Պայրաքտարեանը ծնած է Լիբանանի մէջ եւ մանուկ հասակին գաղթած է Գանատա: 1997-ին գերազանցութեամբ աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը` կենսաբժշկական ճարտարագիտութիւն մասնագիտութեամբ եւ նոյն տարին իսկ յաղթած է Մեթրոփոլիտէն օփերայի ազգային խորհուրդի լսումները: Երգչուհին Կրեմմիի մրցանակաբաշխութեան յաղթած «Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակ» ֆիլմի սաունտթրէքի երգիչն է, իսկ 2004-2007 թուականներուն 4 տարի անընդմէջ յաղթած է գանատական Ճունօ մրցանակաբաշխութիւնը:

«Զուարթնոց» Մշակութային Յանձխնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ մենահամերգի նուիրուած զոյգ դէպքերը՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակն ու Երեւան մայրաքաղաքի 2800-ամեակը։ Պարոն Սիմոնեանը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայ Եկեղեցին 6 դարեր շարունակ ստանձնեց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային զոյգ պարտականութիւններ, տէր կանգնեցաւ որբերուն, պահպանեց հայ մշակոյթը եւ զանոնք փոխանցեց սերունդէ սերունդ։ Սարդարապատի եւ Արցախի մարտերուն մէջ Հայ Եկեղեցին ունեցաւ իր ուրոյն դերակատարութիւնը՝ ոգի եւ խիզախութիւն ներշնչելով իր զաւակներուն»։ 

Ապա հանդէս եկաւ Իզապէլ Պայրաքտարեան՝ ընկերակցութեամբ Ճոզեֆինա Վերկարայի, Ճեսսիքա Կիտերի, Ճանըթըն Մորշելի եւ Ճենիֆըր Քլոցելի։ Համերգի ընթացքին Տիկին Պայրաքտարեան իր դիւթիչ ձայնով հմայեց հանդիսատեսներու հոգին։ Յաջորդաբար հնչեցին հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններ…։ Սայաթ Նովայէն հրամցուեցան «Նազանի», «Պլպուլի հիտ», «Աշխարհումս իմն տուն իս», Արամ Խաչատուրեանէն՝ «Խնճոյքի երգ», «Դաշտերի աղջիկ», «Երեւան», Կոմիտասէն՝ «Ախ Մարալ ճան», «Ծիրանի ծառ», «Քուն եղիր բալաս»…։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Յովնան Սրբազանին եզրափակիչ խօսքով։ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր պիտի չկրնայինք նշել Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակն ու Երեւանի 2800-ամեակը, եթէ Իզապէլ Պայրաքտարեանը ինք մեզի հետ ներկայ չըլլար։ Իզապէլը հայ երաժշտութեան անկրկնելի վարպետներէն է։ Երբ կը ծառայէի Գանատայի մէջ, ինք այն ատենպատանի էր։ Հոն երբ կը լսէինք զինք, իսկոյն կ’ըսէինք, որ նոր աստղ մը ծնած է հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Եւ երբեք չենք սխալած»։ Խօսելով Իզապէլ Պայրաքտարեանի արժանիքներուն մասին, Սրբազանը ընդգծեց.  «Իզապէլան ինքզինք կատարելագործած է եւ Աստուծմէ տրուած իրեն շնորհքները աւելի գեղեցկացնելով՝ զանոնք կը վերառաքէ դարձեալ առ Աստուած։ Իզապէլային յաջողակ գնացք եւ յարաճուն վերելք կը մաղթենք իր գործունէութեան եւ առաքելութեան մէջ»։

Համերգը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ աղօթք»ով։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները