Նվիրաբերել

Ուխտագանցութիւն Դէպի Ս. Անտոնի Վանք - Pilgrimage To St. Antony Monastery

Թեմ

Հրապարակված է: 08/01/2018


ՈՒԽՏԱԳԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ս. ԱՆՏՈՆԻ ՎԱՆՔ - PILGRIMAGE TO ST. ANTONY MONASTERY

Իրապէս ուրախալի երեւոյթ էր, երբ Արեմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի կազմակերութեամբ, Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018 առաւօտեան ժամը 8:00ին հաւատացեալներ մեկնեցան Ղպտի Եկեղեցւոյ պատկան, Ս. Անտոնի վանք: Շուրջ 170 հոգիներ, տարբեր շրջաններէ եկած, ընդհանրապէս Աստուածաշունչի սերտողութիւններու մասնակցիներ, ուրախութեամբ սեղանակից եղան սուրբ եւ անմահ պատարագին: Սուրբ պատարագը մատոյց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ Էյլէնճեան: Ան, օրուան պատգամով, յիշեցուց եղբայրսիրութեան կարեւորութիւնը, ու մանաւանդ շեշտեց իւրաքանչիւրին դերը, իբրեւ քրիստոնեաներ մեզի հետ տանելու Աստուծոյ լոյսը, սէրն ու խաղաղութիւնը: Որովհետեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կոչուած է աղ եւ լոյս դառնալու իր շրջապատին:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, եւ ապա սիրոյ ճաշ: Ճաշի աւարտին հաւատացեալները այցելեցին նաեւ Ս. Անտոնի մատուռը եւ իրենց աղօթքներով աղօթակից դարձան Ս. Անտոնին, ինչպէս պիտի ըսէ շարականագիրը՝ «Աստուածային ուրախութեամբ լեցուած հոգեւոր բաժակ ո՜վ սուրբ հայր Անտոն, մեր աղաչանքները հանապազ սուրբ Երրորդութեան մատուցանէ»: 

Թող իւրաքանչիւրին աղօթքները լսելի ըլլան, եւ ուխտերը կատար: Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը բոլորի հետ ըլլայ: Ամէն:    

PILGRIMAGE TO ST. ANTONY MONASTERY

Organized by the Christian Education Department of the Western Diocese, close to 170 faithful took part in a pilgrimage to St. Antony Coptic Orthodox Monastery in Newberry Springs, California on July 28, 2018. The pilgrims participated in the celebration of the Divine Liturgy by the Rev. Fr. Serovpe Alanjian, Pastor of St. Sarkis Armenian Church of Santa Clarita, whose sermon centered on the importance of sharing God's divine light, love, and peace in our communities.

Following the service, the faithful participated in a Requiem Service and a subsequent Agape Meal. They also visited the St. Antony Chapel where they prayed and beseeched the intercession of the saint, the father of Chrsitian anchoritism or hermitism. 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները