Նվիրաբերել

Սարդարապատ՝ Ոգին Է Հայութեան

Թեմ

Հրապարակված է: 05/25/2018


ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ՝ ՈԳԻՆ Է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Ամէն անգամ, երբ մենք՝ հայերս, ճակատագրական պահի մը, իրադարձութեան մը կամ վտանգի մը առջեւ գտնուինք այստեղ կամ այլուր, Սարդարապատի ոգին է, որ պէտք է արթննայ մեր մէջ, որպէսզի մենք չշեղուինք մեր պատմութեան, մեր ժողովուրդի զարգացման ուղիղ ճանապարհէն: Սարդարապատի յաղթանակը երեկուան, այսօրուան համար չէ միայն, այլ բոլոր հնարաւոր Հայաստաններու համար է այժմ եւ յաւիտեան» Վազգէն Ա.

Սարդարապատը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կարելի է ըսել որ պատմութեան ամենէն վճռորոշ ժամանակներէն մէկն է: Կարելի  է հաստատօրէն ըսել որ Սարդարապատը քսաներորդ դարուն Վարդանանքն է: 100 տարիներ առաջ, տակաւին Մեծ Եղեռնէն հազիւ մի քանի տարիներ անց, մեր ժողովուրդը ինքզինք անգամ մը եւս գտաւ ահաւոր վտանգի մը առջեւ:

Ազգի զաւակները համախմբուեցան Սբ. Էջմիածնի հովանիին տակ եւ օրուան Հայրապետին Երանաշնորհ Տ. Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանցի սրտառուչ պատգամներու առաջնորդութեամբ գոտեպնդեցին հայոց քաջարի զինուորները ազատագրելու համար հայրենի հողը: Եւ Սարդարապատի կռուի դաշտ մեկնող քաջարի հայ զինուորները իրենց հոգու մէջ կրեցին անլռելի ղողանջը Սբ. Էջմիածնի զանգերուն եւ կերտեցին ճանապարհը նոր Հայրենիքին, որուն երկինքին վրայ պարզուեցաւ եռագոյն դրօշը՝ խորհրդանիշը յարուցեալ մեր ժողովուրդին: Այս պատմական իրողութիւնը հիմքն է այն ճշմարտութեան, որ Սարդարապատի եւ Հայոց Առաջին Հանրապետութեան եւ եռագոյն դրօշի անփոխարինելի ծննդավայրը Սբ. Էջմիածինն է:

Սարդարապատի ոգին կ՚ապրի նաեւ այսօր եւ այն ակներեւ է վերանկախացեալ մեր Մայր Երկրի ներկայութեամբ, ազատատենչ Արցախի ժողովուրդի ստեղծագործ կեանքով: Եւ ինչպէ՞ս պիտի տօնախմբենք պատմութեան այս լուսաւոր էջը, Սարդապատատի յաղթանակը: Պատասխանն այն է, որ ազգովին մեր նորահաս սերունդի զաւակները պիտի առաջնորդենք դէպի Մայր երկիր, որպէսզի անոնք հարիւրապատիկ զգան հայրենի հողէն իրենց սրտին հասնող տրոփիւնը եւ ուխտ կատարեն ապրելու հայ քրիստոնեայի հաւատքով եւ նախնեաց տեսիլքով:

Սարդարապատի հերոսամարտի յաղթանակը՝ հիմնաքարն է յաւիտենական Հայաստանին: Սարդարապատը հաւատամքն է մեր ազգին, ով կը հաւատայ Սարդարապատին, ինքնստինքեան իր վրայէն կը նետէ հատուածականութեան մը պատկանած ըլլալու աղքատ մտածողութիւնը եւ կը փարի ճշմարիտին՝ Հայաստանին, յաւերժական Հայրենիքի գաղափարականին ու տեսիլքին, որուն սրտին է ամրացած Սբ. Էջմիածինը, խորհուրդը մեր ինքնութեան:

Յովնան Արքեպիսկոպոս


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները