Թեմ
Հրապարակված է: 05/24/2018
Սարդարապատի հերոսամարտին եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակներուն առիթով, Երկուշաբթի, Մայիս 21-ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի: Կանգնեցուած էր Սարդարապատի յուշահամալիրին մանրակերտը՝ զանգակները եւ երկու ցուլերը, որոնք շքեղաբար զարդարած էին դպրոցին բակը՝ անցնող տասը օրերուն:
Հինգերորդ դասարանը, ղեկավարութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Մարալ Ոսկեանի եւ օժանդակութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Արուս Անդրէասեանի եւ պարուսոյց Պրն. Արա Մելքոնեանի, բեմ բարձրացուցին երգ-երաժշտութեամբ ու պարերով համեմուած բեմադրութիւն մը, ուր աշակերտները իրենց խրոխտ պահուածքով ներկայացուցին Սարդարապատի յաղթանակն ու Մայիս 28-ի անկախութիւնը:
Աղաճանեան սրահին մէջ տեղի ունեցած այդ ներկայացումը դիտեցին 2-րդէն 8-րդ դասարանի աշակերտները, որմէ ետք անոնք դուրս եկան բակ, եւ Սարդարապատի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ շքեղ տօնակատարութիւն: Այստեղ, ներկայ էին Ծաղկոցէն մինչեւ 9-րդ դասարանի աշակերտները: Հրաւիրուած էին երեք հիւրեր, որոնք փոխանցեցին իրենց պատգամը, յորդորելով աշակերտութեան պահել հայու ինքնութիւնը եւ շարունակել յաջողութիւններ ձեռք բերել, ամուր պահելու համար սարդարապատեան ամուր ոգին: Խօսք առնող հիւրերն էին՝
Իրենց ներկայութեամբ պատուեցին եւ աւելի փայլ տուին հանդիսութեան՝ Արժ. Տէր Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան, Օրդ. Սուզաննա Սարգսեան, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Պրն. Սարգիս Մինասեան, ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան ներկայացուցիչ:
Նախ՝ զանգակներու հնչիւններու տակ, 100 հոգի՝ աշակերտներ, հիւրեր եւ տնօրէնութիւն, 100 մեխակներ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց, ի յիշատակ մեր հերոս նահատակներուն:
Ապա, աշակերտութիւնը երգեց Հայաստանի քայլերգը, որուն յաջորդեց չորս տարեկաններու խմբային հայրենասիրական երկու երգ (ղեկ. Տիկ. Մարինէ Քէլեան):
Աշակերտական խորհուրդին խօսքը ընթերցեց Քրիսթինա Հակոբյան, 11-րդ դասարան:
Երկու մեներգ՝ վեցերորդ դասարանէն Սոֆիա Դորեան եւ Լիլիա Անտոնյան, իսկ Միջնակարգի երգչախումբը ներկայացուց հայրենասիրական մէկ խմբերգ (ղեկ. Տիկ. Քրիստինա Խոջայեան):
Յաջորդը խմբային պարն էր՝ առաջինէն հինգերորդ դասարանցիները՝ բոլորը միասին թնդացուցին բակը պարելով «Հայ մնա՛» երգի հնչիւններուն տակ:
Վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանի շնորհաւորական եւ շնորհակալական ջերմ խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Յովնան Սրբազան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» խմբերգով, 100-ամեակի տօնական կարկանդակի բաժանումով:
Հանդիսավարն էր Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան: Շնորհակալութիւն Հայերէնի բաժանմունքի եւ արուեստի ուսուցիչներուն`հայոց լեզուի, երգի, պարի, նկարչութեան (Օրդ. Հաննա Քաֆմընին Սարդարապատեան արուեստի գործերուն համար), Սարդարապատի յուշարձանը պատրաստող արուեստագէտ Մանուկ Սաթամեանին, ինչպէս նաեւ վարժարանիս առեւտրական գործավար Պրն. Լեւոն Քէշիշեանին, կազմակերպչական օժանդակութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ