Թեմ
Հրապարակված է: 05/09/2018
Արեւոտ է մայիսեան այս առաւօտը՝ արդարութեան, բարութեան ու սիրոյ լոյսերու մէջ ողողուած։ Հայոց երկնակամարին վրայ վեհօրէն կը ծածանի դրօշը Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան, որուն ծնունդը եկաւ դառնալու թագն ու պսակը մայիսեան մեր փառապանծ յաղթանակներուն։ Բարեհաճ Աստուած՝ Իր Նախախնամութեամբ առաջնորդեց մեր ժողովուրդի քայլերը դէպի Նոր Հայաստան՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանն ընտրելով որպէս առաջամարտիկը ազգային զարթօնքի։
Հրաշքի մը պէս վերածնուեց մեր ողջ ժողովուրդը, ի մասնաւորի՝ Հայրենիքին մէջ, ուր Մայր Հողէն ճառագեց Նոր Հայաստանին խորհուրդը։ Այդ խորհուրդով բոցավառ են մեր հոգիները եւ յոյսով առլեցուն։
Այսօր, Աստուծոյ պատգամն է, որ մեր ժողովուրդն առաւել միաբանուած, իր մտասեւեռումը կեդրոնացնէ յաւերժական Հայաստանի շինութեան եւ պայծառութեան սրբազան նպատակին վրայ։ Ինչպէս որ բարի օրինակ դարձանք համայն աշխարհին մեր խաղաղասիրութեամբ, ազատատենչութեամբ, մարդու եւ հիմնարար իրաւունքներու բարձր գիտակցութեամբ, նոյն կերպ ալ պարտինք նոր եռանդով, հաւատքով եւ ուժականութեամբ տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն։ Նուիրեալ աշխատանքով եւ համբերութեամբ՝ որպէս կայացած քաղաքացիական հասարակութիւն, միասնական ազգ եւ եղբայրական ժողովուրդ պարտինք մեր զաւակաց առջեւ հարթել լոյսի ու յոյսի ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի նոր Հայաստան։
Աստուած օրհնէ Հայաստան աշխարհը:
Յովնան Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի