Նվիրաբերել

Առաջնորդարանի Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութինը Դէպի Ալֆրէտ Եւ Մարկրիթ Յովսէփեան Վարժարան

Թեմ

Հրապարակված է: 04/19/2018


Առաջնորդարանի Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութինը դէպի Ալֆրէտ Եւ Մարկրիթ Յովսէփեան Վարժարան

Ապրիլ 17, 2018 առաւօտեան ժամը 11:30ին Տիկնանց Միւթեան Վարչականներ այցելեցին Բասատէնայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ յարակից Յովսէփեան վարժարանը որ կը վայելէ Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը: Մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Հայ դպրոցը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին միասնաբար հանդիսացան հայապահպանուան կռուանը: Այսօր սփիւռքի այս դժուարին պայմաններուն տակ ուրախալի երեւոյթ է դարձեալ տեսնել Եկեղեցին եւ Դպրոցը կողք կողքի:

Մեզի դիմաւորեցին դպրոցի տնօրէն Պր.Շահէ Մանկերեան եւ վարժարանի Վարչութեան օգնական Տիկին Վարդենի Պարտաքճեան:Աշակերտներու զբօսանքի պահն էր եւ զբօսավայրը լեցուած էր իրենց ճռուողիւններով:

Ատենապետուհի Լենա Սիմոնեան գովելի գաղափարը յղացած էր կարկանդակով մը շնորհաւորել Պր.Մանկերեանի տարեդարձը որ զուգադիպեցաւ այդ օրուայ մեր այցելութեան:

Կարկանդակի հատումին յաջորդեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հաճելի զրոյց մը,գաղափարներու փոխանակում,կիզակէտը ունենալով Հայոց լեզուն: Վերահասու եղանք դպրոցի առօրեայի եւ դասընթացքներու:Մեր սիրտերը հրճուանքով լեցուեցան երբ լսեցինք թէ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը Արեւմտահայերէնի պահպանման թափ տուող արուեստագիտական կիրարկութեան մը ձեռնարկած է:Լեզուն ազգի մը ինքնութեան մաս կը կազմէ:

Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռամբ գանձապահ Այտա Սէթեանի Վարժարանին նուիրաբերեց $5100.ի կոկիկ գումար մը: Աւելի վերջ ուղեկցութեամբ Տիկ.Վարդենիի այցելեցինք մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի կարգ մը դասարանները:

Մանկապարտէզի բողբոջ մանուկները մեզի համար արտասանեցին եւ մեր հեռու ապագայի յոյզերը վերընձիւղուեցաւ:Ամէն մէկս իբրեւ յուշանուէր մեզի հետ տուն տարինք վարժարանի մակնիշով կտաւէ տոպրակ մը:

Վերադարձի ժամը արդէն վրայ հասած էր ակամայ հրաժեշտ առինք Հայոց լեզուի այս դարբնոցէն,ամէն մէկս հոգեկան կազդոյր ստացած վերադարձանք մեր տուները:

Խունկ եւ աղօթք վարժարանի բարերարներ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան ամոլի անմահ յիշատակին:

Այտա Չաքարեան


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները