Թեմ
Հրապարակված է: 04/06/2018
Անցնող ամբողջ շաբաթը, Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկ երկարող ժամանակահատուածը Արեւմտեան Թեմէն ներս եղաւ հոգեւոր զարթօնքի օրեր: Թեմի եկեղեցիները մնացին լեցուն խուռներամ հաւատացեալներով: Հոգեւոր մթնոլորտը, աղօթական ոգին տեսանելի էր ամէնուրէք եւ որոշապէս ակնյայտ կը դառնայ այն իրականութիւնը, որ Եկեղեցին կ՚աճի թիւով ու կ՚ընդարձակէ իր առաքելութիւնը: Ի մասնաւորի ուրախալի է տեսնել աճը մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու, ովքեր բառերով անբացատրելի ուրախութիւն կը բերեն բոլորիս հոգիներէն ներս:
Մեր Սբ. Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը եւ ի կատար ածելու այն բոլոր ծրագրերը, բոլոր հոգեւոր միջոցները, որոնք կը նպաստեն մշակելու փոքրին ու մեծին քրիստոնէական նկարագիրը:
Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ որ հոգեւոր առաքելութիւնը բազում մակարդակներով կ՚իրականանայ Թեմական կառոյցէն ներս շնորհիւ Թեմի եկեղեցականներու եւ անոնց զօրավիգ կանգնող աշխարհիկ սպասաւորաց ծառայութեամբ: Բայց կատարուող աշխատանքը բաւարար չէ եւ դեռ շատ երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը դարձնենք ճշմարիտ լոյսը հոգիներեն ներս բոլոր անոնց, ովքեր ծարաւի են հոգեւոր ջուրին: Հարկ է ընդարձակել աստուածաշնչական սերտողութեանց առաքելութիւնը, առաւել ամրապնդելու հիմքերը Կիրակնօրեայ վարժարաններու, առաւել թափ տալ խմբակային խոկումներու, բազմապատել թիւը կրօնական հրատարակութեանց, աշխուժացնել հոգեւոր զրոյցներու լսարանները, կազմակերպել յատուկ այցելութիւններ հիւանդանոցներ եւ մասնաւոր առանձնատուներ: Բնական է այս առաքելութիւնը արդէն իսկ կ՚իրականանայ, բայց Եկեղեցին միշտ պիտի բարի նպատակը ունենայ հետապնդելու հասնելու «կորուսեալ ոչխար»-ին:
Մեր աղօթքն է առ բարին Աստուած, որ այս Զատիկը նոր կեանքին կրակը ներշնչէ մեր հաւատացեալներու հոգիներու մէջ, որպէսզի ամէն հայ աղօթքով օծէ իր կեանքը, ընտանեկան օջախները դառնան մէյ-մէկ եկեղեցիներ եւ առաւել զօրացնենք մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին:
Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս:
Յովնան Արքեպիսկոպոս