Թեմ
Հրապարակված է: 03/29/2018
Ոտնլուայի հոգեպարար տեսարանը հոգիները կը ցնցէ, որովհետեւ մեր աչքի առջեւ է Քրիստոս Աստուածորդին, որ ծունկի եկած է Իր առաքեալներուն առջեւ եւ խոնարհութեամբ կը լուայ անոնց կոշտացած ու աղտոտ ոտքերը: Աստուածորդին Իր կեանքով խոնարհեցաւ մարդկութեան առջեւ ընդհուպ մինչեւ իսկ Իր կեանքը զոհաբերեց մարդկութեան մեղքերու թողութեան համար:
Ոտնլուայի տեսարանի մէջ մնանք մեր կեանքով եւ մոռնանք մեր պաշտօններն ու տիտղոսները եւ մնանք արթուն մեր հոգեւոր ծառայութեան մէջ, որպէսզի Քրիստոսի նմանակցութեամբ արդարացնենք մեր կեանքը:
Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին մեզի ներկայացող իւրաքանչիւր մանուկի մէջ պարտ ենք տեսնել աստուածային պարգեւ մը, որ մաքուր է հոգով ու սրտով, որը եւ մեզ կը հրաւիրէ սրբուելու եւ մաքրուելու, որպէսզի կարողանանք մուտք գործել Աստուծոյ թագաւորութենէն ներս:
Հետեւինք Քրիստոսի օրինակին եւ դառնանք ապրող Աւետարան, այնպէս մը, որ մէն մի խօսքի եւ արարքի մէջ արտացոլուի Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը: Նախապայման է սա, որպէսզի հոգեւորապէս պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու մեր կեանքի մէջ Քրիստոսի Յարութիւնը, որուն մէջ իւրաքանչիւրս կը տեսնենք մեր հոգիին ծնունդը, վերածնունդը, նոր սկիզբը մեր կեանքին:
Ուրեմն Քրիստոսի կեանքէն քաղուած Ոտնլուայի տեսարանը առատ սնունդ կը մատակարարէ մեր հոգիին: Լուսաւորութեան պահն է սա բոլորիս համար:
Յովնան Արքեպիսկոպոս
Մարտ 29, 2018