Նվիրաբերել

Աւագ Ուրբաթ

Թեմ

Հրապարակված է: 03/29/2018


Աւագ Ուրբաթ

Եւ Քրիստոսի գերեզմանէն ծնունդ առաւ նոր կեանքը…

Այս երեկոյ կ՚երկրպագենք Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ, կը փառաւորենք Անոր թաղումը ու մեր հոգիներուն մէջ կը սեղմենք ամրօրէն նոր կեանքին ընդառաջ երթալու տեսիլքը:

Քրիստոնեայի կեանքին մէջ հոգեւոր ուրախութեան բարձրակէտն է այս պահը: Անյագօրէն կը սպասենք Քրիստոսի գերեզմանէն հեղեղը լոյսին, որուն մէջ կարճ ժամանակ անց պիտի տեսնենք հրաշալի պատկերը Տիրոջ Յարութեան: Քրիստոսի գերեզմանը կեանքի նոր արշալոյսին Դուռն է: Աղօթքով ու երկիւղած սրտով եկած ենք խոնարհեցնելու մեր անձերը, փառաւորելու Անոր թաղումը, քանզի այդ պատկերի մէջ կը տեսնենք մարդկային մեղքին պարտութիւնը, եւ սկիզբը նոր ճանապարհորդութեան քայլելու համար համաձայն Աստուծոյ խօսքին:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիստոնեան իր հոգու հայեացքը պիտի ուղղէ դէպի Երկինք եւ ակնդէտ սպասէ Քրիստոսի Յարութեան տեսիլքին: Մարդը ծարաւի է նոր կեանքի: Եւ մեր հոգիին ծարաւը պիտի յագեցնենք Աւետարաններէն հոսող անմահական ջուրով, որպէսզի ունենանք առաւել կեանք:

«Ես եկի զի առաւել կեանս ունիցիք»:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիս-տոնեան իր մէջ ծնունդը պիտի տայ նոր մարդուն, որը պիտի ըլլայ Քրիստոսի նմանակից: Հոգիով բոպիկ չմնանք եւ լոյս առնենք Անոր գերեզմանէն եւ լուսատու դառնանք մեր կեանքով, որպէսզի դառնանք ճշմարիտ առաքեալներ:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիստոնեան իր մէջ կը փնտռէ ճշմարիտը, որ կեանքը վեր է նիւթական արժեքներէն եւ էականը այն է, երբ գիտակից կը դառնանք հոգիներ կերտելու, քանզի այս կեանքէն ոսկի ու արծաթ չէ որ պիտի տանինք դէպի յաւիտենա-կանութիւն, այլեւ միայն ազնիւ հոգի մը:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիս-տոնեան պիտի լեցնէ իր հոգիին մէջ արձագանքը Աւետարանական խօսքերուն եւ Տիրքջ պատուիրաններուն: «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հավատայ Անոր չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»: Տիրոջ ձայնն է, որ կ՚արձագանգէ մեր հոգինորուն մէջ, երբ կը խօսի մեզ, որպէսզի կեանքը յեղաշրջենք դէպի բարին, այն քաջ համոզումով, որ ներող Աստուած Իր թեւերը լայնօրէն բացած կը սպասէ մեզի:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիս-տոնեան պիտի յիշէ խոնարհութեան պատուիրանը, որուն պատկերը մէր առջեւ թարմ է դեռ Ոտնլուայի հոգիները շարժող ցնցող պատկերով:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիս-տոնեան իր վրայէն պիտի թօթափէ հոգին պղտորող բարկութիւնն ու սաստը, եւ իր էութիւնը պիտի դարձնէ տաճարը Աստուծոյ բնակութեան, որպէսզի մեր ամէն մէկ խօսքն ու արարքը հոգիներուն մէջ լոյս ներարկէ:

Քրիստոսի գերեզմանի առջեւ կանգնած հաւատաւոր եւ աղօթող քրիս-տոնեան մէջէն պիտի հրաժարի խաւարի գործերէն եւ պիտի տեսիլքն ունենայ նոր կեանքին ի Քրիստոս: Մեր հոգիներուն մէջ խաւար է, երբ այնտեղ բացակայ է Քրիստոս, Խաղաղութեան Իշխանը, երբ կամայ թէ ակամայ մենք մեզ զրկած ենք Աստուծոյ սէրէն եւ իմաստութենէն:

Խաչի քո Քրիստոս երկրպագանեմք եւ զթաղումնդ քո փառաւորեմք:

Քրիստոսի գերեզմանէն ճառագայթող լոյսն է, որ կ՚ըմբոշխնենք, որպէսզի մեր հոգիներուն մէջ ամրացած Աստուծոյ սէրը, Քրիստոսի Անձի պատարա-գումին խորհուրդը դառնանք եւ լուսատու փարոսը աշխարհի մարդկանց համար:

Յովնան Արքեպիսկոպոս

Մարտ 29, 2018


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները