Նվիրաբերել

Աւագ Հինգշաբթի – Խաւարման Գիշեր

Թեմ

Հրապարակված է: 03/29/2018


Աւագ Հինգշաբթի – Խաւարման գիշեր

Խաւարման գիշերն է: Սա այն պահն է, երբ Քրիստոս Աստուածորդին խաչի վրայ կ՚աւանդէ Իր հոգին: Արեգակը կը խաւարի, երկիրը կը դղրդայ եւ տաճարին վարագոյրը կը պատռուի: Եւ խաչէն կը ճառագայթէ նոր կեանքը:

Խաչին վրայ Իր Անձը կը պատարագէ Աստուածորդին: Ահա այս մեծ խորհուրդին առջեւ խոնարհած կ՚ուզենք լուսաւորել մեր կեանքը եւ վերսկսի այն Աստուծոյ հետ: Մարդուն կեանքին մէջ հրաշագործող պահն է սա, երբ մարդը իր մէջ կը ծնի նոր Մարդը ի Քրիստոս, նոր տեսիլքներով, նոր խոստումներով եւ ուխտադրութեամբ:

Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան խորհուրդին զօրութիւնը ըմբռնելու համար քրիստոնեայ հաւատացեալը պարտի քայլել խաչի ճանապարհէն, որպէսզի զգայ չարչարանքներն ու տառապանքը Աստուածորդու, որուն մէջ ամփոփուած է նաեւ Աստուծոյ սիրոյն անսահմանելիութիւնը:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, որ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ առանձնակի կ՚աղօթէ, ուր աղօթքի կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի մէր մէջ գտնենք զօրութիւնը յանձնատուութեան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ:

Խաւարման այս գիշերուան մութի մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, որ կը կարդայ միտքը Յուդայի եւ սակայն, կը մնայ խաղաղ մինչեւ Իր հոգիին խորքը, խոնարհութեամբ ընդունելով Աստուծոյ կամքը: Չէ՞ որ իւրաքանչիւրս կեանքին մէջ կ՚ըմպենք նոյն դառնութեան բաժակէն: Հարկ է մնալ խաղաղ ու աներեր՝ ներող ոգիով օծուն էութեամբ մը:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, որ Իր հոգու մէջ կ՚ապրի տառապանքը, երբ Պետրոս Առաքեալ երիցս կ՚ուրանայ զԻնք: Քրիստոս հանդարտութեամբ կ՚ընդունի Իր սիրելի աշակերտին տկարութիւնը եւ Իր ուսերուն վրայ կը վերցնէ աշխարհի մարդկանց տկարու-թիւնը:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, խաչը Իր ուսին կը քայլէ դէպի Գողգոթայի բարձունքը: Մեր հոգին կը լուսաւորուի ի տես այս հրաշալի տեսարանին, որովհետեւ Խաչեալը Աստուծոյ սէրը կ՚արտացոլէ, թէկուզ եւ խաչին ճանապարհը ցաւ կ՚առթէր: Աստուածորդու ցաւը՝ սիրոյ բարձրակէտն էր:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, որ կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի կեանքը ապրինք Քրիստոսի հետ, մեր խօսքը արտացոլէ Իր խօսքը եւ մեր կեանքը կը պատգամէ Իր կեանքը, որպէսզի մեր կեանքի ճանապարհը ըլլայ Անոր Յարութեան խորհուրդին պատգամաբերը:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսը՝ Քրիստոս է, որ կ՚իջնէ աշխարհի մարդկանց էութեան խորքին, որպէսզի խորտակէ խաւարը մեր հոգիներուն, եւ այնտեղ ծնունդ առնէ ներողամտութեան ոգին՝ մեծագոյն առաքինութիւնը քրիստոնէութեան: Ուրեմն սա է պահը պայծառակեր-պութեան, Քրիստոսի հետ քայլելու, եւ Քրիստոս դարձնելու լոյսը մեր կան-թեղուած էութեան:

Խաւարման այս գիշերուան մութին մէջէն մեզ առաջնորդող լոյսն է Քրիստոս, որուն ներկայութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ մեր մէջ խտացնելու աստուածային սէրն ու իմաստութիւնը, մեր հայրերու հաւատքի գիտակցութիւնը, Քրիստոսի Աւետարաններէն ճառագայթող սրբութիւնները, մեր մէջ արմատա-ւորելու կեանքը տնտեսելու նպատակն ու առաքելութիւնը եւ ամենէն կարեւորը՝ մեր մէջ վերապսակելու Աստուծոյ պատկերը, քանզի մարդն ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:

Այս երեկոյ, սիրելի հաւատացեալներ, աղօթք դարձած՝ ձեր օջախները պիտի դարձնէք աղօթքի սրբազան տուն: Լուսաւորուած հոգիներով ձեր մէջ պիտի գտնէք կեանքը հրաշագործելու զօրութիւնը, որպէսզի մեր կեանքի ամէն մէկ վայկեանը դարձնենք օրհնութիւն մեր զաւակաց համար: Քրիստոս Իր խաչելութեամբ մահը պարտութեան մատնեց խաչին վրայ եւ խաչը դարձաւ կենարար ու կենսատու, կեանքը ուղեգծող խորհրդանիշը: Ու երբ մեր հայեացքը կը կեդրոնացնենք խաչին վրայ այն կը դառնայ նաեւ հայելին մեր ազգի պատմութեան, որուն կեանքը եղաւ խաչի ճանապարհ, բայց երբեք չնուազեց մեր մէջ Յարութեան յոյսը:

Սիրեցէք զԱստուած բոլոր սրտով, սիրեցէք միմեանց մաքուր հոգով, սիրենք աշխարհը, գուրգուրանք մեր Սբ. Եկեղեցիին պայծառութեանը ի խնդիր, քանզի այս սուրբ տեղին մէջ մեր հանդիպումը Աստուծոյ հետ է եւ այս տունը խաչի խորհուրդով կառուցուած ծննդավայրն է մեր հոգիին:

Յովնան Արքեպիսկոպոս

Մարտ 28, 2018


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները