Թեմ
Հրապարակված է: 03/15/2018
Հովանաւորութեամբ Տ. Յովնան Արք. Տերտերեանի, Առաջնորդ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմին եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճըլըսի Մասնաճիւղին, Ուրբաթ, մարտ 9, 2018ին տեղի ունեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւն նուրիուած արձակագիր Սարգիս Վահագնի ծննդեան 90-ամեակին ևւ ներկայացում Հաճը՜նը Սիրուն վեպին Կլենտէյլի Կեդրոնական Գրադարանի Սրահին մէջ:
Սույն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Տ. Ներսես Քհն. Հայրապետեանի: