Թեմ
Հրապարակված է: 03/05/2018
Ինչպես տեղեակ էք, 1988 թուին Արցախի ազատագրման շարժման շրջանին Սումկայիթի մէջ Ատրպէճանի կառավարութեան ծրագրումով մեծ թիւով հայորդիներ երիտասատդներ, մանուկներ, ծնողներ եւ տարեցներ զոհուեցան, որովհետեւ հայ էին եւ մեր ժողովուրդի զաւակները տէր կը կանգնէին Արցախի մեր դարաւոր եւ պատմական հողերուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Սումկայիթի ջարդերուն 30 ամեակի առթիւ, Կիրակի, ՄԱՐՏ 4ին Սուրբ Պատարագի աւարտին Արեւմտեան Թեմի բոլոր ծուխերուն մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեց Սումկայիթի Հայ Զոհերու հոգիներուն համար: